Որոնել

Փոզնան թեմի մայր տաճարը Փոզնան թեմի մայր տաճարը 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Եւրոպայի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու խոհուրդի ընդհանուր նիստի մասնակիցներուն:

13-էն-16 սեպտեմբերին, Լեհաստանի Փոզնան թեմէն ներս ընթացք առաւ Եւրոպայի համահաւաք դասերու խորհուրդի տարեկան ընդհանուր նիստը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

13-էն 16 սեպտեմբեր 2018-ին, Լեհաստանի Փոզնան քաղաքի մէջ կայացած, Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու խորհուրդի տարեկան ընդհանուր նիստին առիթով, Վատիկանի Պետական քարտուղար՝կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը մը ուղղած յիշեալ ժողովին մասնակիցներուն:

Պատգամին մէջ Վատիկանի Պետական քարտուղարը Նորին Սրբութեան ողջոյնները փոխանցած է Լեհաստանի Փոզնան թեմի մէջ գումարուած ընդհանուր նիստի մասնակիցներուն:

Ան ապա յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին քաջալերած է եպիսկոպոսները միշտ նոր ուղիներ որոնելու, իրականացնելու համար վեհանձն ու պատասխանատու զօրակցութիւն, սահմանելով հովուական խնամակալական եղբայրական գործակցութեան ուղիներ, հիմնուած այն հոգեւոր արժէքներուն վրայ որով կերտած են եւրոպային մշակոյթն ու արուեստը :

Կարդինալ Փարոլին ապա Սրբազան Հօր անունով մաղթած է, որ յիշեալ գումարուած նիստը նպաստը եւրոպայի եպիսկոպոսներուն միջեւ հաղորդութեան կապի ամրապնդման, նոր սլացք տալով ՝ եկեղեցւոյ առաքելութեան, յատուկէն երիտասարդներուն, օգնելով զանոնք վերագտնելու հաւատքի հիմնարար ներդրումը եւրոպայի ցամաքամասին միութեան ի խնդիր:

Կարդինալ Փարոլին պատգամը աւարտած է նշելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապ եպիսկոպոսներէն կը խնդրէ, որ աղօթեն իրեն համար, փոխանցելով բոլորին Քահանայապետին առաքելական օրհնութիւնը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2018, 08:00