Որոնել

Ինը Կարդինալներու խորհուրդի հաւաքը Ինը Կարդինալներու խորհուրդի հաւաքը 

Ինը Կարդինալներու Խորհուրդի 26-րդ նիստը։

Կարդինալներու խորհուրդը Քահանայապետին հետ պիտի քննարկէ Հռոմի Քուրիայի սահմանադրութեան նոր նախագիծը

10-12 սեպտեմբեր 2018-ին, Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Քահանայապետի խորհրդատու Ինը կարդինալներու 26-րդ ժողովը, որուն ընթացքին անոնք Ֆրանչիսկոս Պապին հետ միասին պիտի շարունակեն քննարկել Եկեղեցական կառոյցի բարեկարգումներու գործընթացը ու յատկապէս Հռոմի Քուրիայի սահմանադրութեան նոր նախագիծը, որուն առժամեայ տիտղոսն է «Predicate Evangelium» ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի տնտեսա-կազմակերպչական  կառոյցի բարենորոգումները, որուն ծիրէն ներս կը շեշտուի «թափանցիկութեան» հարկաւորութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2018, 10:36