Որոնել

Յովհաննէս Պօղոս Ա՝ Լուչիանի Քահանայպետ։ Յովհաննէս Պօղոս Ա՝ Լուչիանի Քահանայպետ։ 

Յովհաննէս Պօղոս Ա.՝ Լուչիանի Քահանայապետին մահուան քառասուն ամեակը։

Լուչիանի Քահանայապետը ընտրուած էր 26 օգոստոս 1978-ին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յովհաննէս Պօղոս Ա.-ի՝ 33 օրուայ քահանայապետութիւնը համայն աշխարհը յուզեց եւ աշխարհը բնաւ զինք չմոռցաւ, անոր հոգեւոր ժառանգութիւնը տակաւին կը մնայ մեծ ու ողջ մարդոց սրտին մէջ։  Հակառակ անոր որ քահանայապետութեան ժամանակամիջոցը կարճատեւ էր , Լուչիանի Քահանայապետը կարողացաւ յոյս տալ աշխարհին։ Ան սովորութիւն ունէր, ՅՈՅՍԸ՝ կոչել ''քրիստոնէական կեանքի ԺՊԻՏ''։

Լուչիանի Քահանայապետը ընտրուած էր 26 օգոստոս 1978-ին եւ Քահանայապետութեան 33 օրեր ետք անոր դիակը յայտնաբերուեցաւ առաքելական պալատի քահանայապետական ննջասենեակի անկողինին մէջ։ Անոր Քահանայապետութիւնը եղաւ պատմութեան ամենակարճը։
Ալպինօ Լուչիանի քահանայապետը ծնած էր 17 հոկտեմբեր 1912-ին` հիւսիսային Իտալիոյ Forno di Canale գիւղին մէջ։  Քահանայապետ ընտրուելէն առաջ Կարդինալ Ալպինօ Լուչիանին՝ Վենետիկի Պատրիարք էր եւ Քահանայապետ ընտրուելէն ետք Յովհաննէս Պօղոս անունը ընտրեց մեծարելու համար իրեն նախորդ երկու Քահանայապետեր՝ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ եւ Երանելի Պօղոս Զ։

Տեսերիզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2018, 08:59