Գերապայծառ Սթեֆանօ Ռուսսօ Գերապայծառ Սթեֆանօ Ռուսսօ 

Գերապայծառ Ռուսսօ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ընհանուր նոր քարտուղար։

Գերապայծառ Սթեֆանօ Ռուսսոն նշանակուեցաւ իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղար:

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 28-ին, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի, ընկերային հաղորդամիջոցներու ազգային գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով որ Ֆրանչիսկոս Պապը, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ընդհանուր նոր քարտուղար անուանեց, գերապայծառ Սթեֆանօ Ռուսսոն, Իտալիոյ Մաթելիքա-Ֆապրիանօ թեմի եպիսկոպոսը:

«Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ՝ Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթին մեծ ուրախութեամբ ու վստահութեամբ կ՝ողջունէ այս անուանումը» նշուած է միշտ հաղորդագրութեան մէջ ապա անդրադարձած  կատարուած է  թէ Գերապայծառ Ռուսսօ , տասնեակ տարիներ ի վեր եղած է եկեղեցական մշակութային կալուածներուն ազգային գրասենեակի պատասխանատուն: Ան մօտէն կը ճանչնայ ընդհանուր քարտուղարութեան գործունէութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2018, 13:42