Կրէկ Պուրք, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն: Կրէկ Պուրք, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն: 

«Քահանայապետը պիտի հանդիպի Կարդինալ Տի Նարտոյին հետ» Կրէկ Պիուրք

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնի յայտարարութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի պատասխան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին, Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին բարձրաստիճան եկեղեցական անդամներուն հետ հանդիպումին, լրագրողներուն կողմէ ուղղուած հարցումին, երեքշաբթի, սեպտեմբեր 11-ին՝ երեկոյեան Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Կրէք Պուրք կատարեց յայտարարութիւն մը, նշելով , թէ հինգշաբթի, սեպտեմբեր 13-ին՝ կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ պիտի ընդունի Միացեալ Նահանգներուն եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ՝ կարդինալ Տանիել Տինարտոն, Պոսթոնի արքեպիսկոպոս եւ անչափահասներուն պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնախումբի նախագահ՝ կարդինալ Փաթրիք ՕՄալիի հետ միասին:

Հանդիպումին ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Միացեալ Նահանգներու համահաւաք դասի փոխ նախագահ, Լոս Անճելես թեմի արքեպիսկոպոս գերապայծառ՝ Խօսէ Հորասիօ Կոմէզ ինչպէ նաեւ յիշեալ համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղար՝ գերապայծառ Պրիասն Պրանսֆիլտ:

Նշենք թէ սոյն հանդիպումը անհրաժեշտ նկատուեցաւ ի տես Միացեալ նահանգներու մէջ եկեղեցականներու կողմէ գործադրուած մանկապղծութիւններու հարցին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2018, 10:13