Եւրոպայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու խորհուրդի ժողովը Եւրոպայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու խորհուրդի ժողովը 

Եւրոպայի եպիսկոպոսներու ժողովին աւարտական պատգամը։

«Զօրակցութիւնը արդարեւ կը նշանակէ հիւրընկալութիւն ու ներառում» դիտել տուած են եպիսկոպոսները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վերջ գտաւ անցեալ օրերուն Լեհաստանի Փոզնան քաղաքին մէջ գումարուած Եւրոպայի եպիսկոպոսական համահաւաքդ դասերու խորհուրդի տարեկան լիագումար նիստը որուն առթիւ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն ու պատգամ մը,  որուն մէջ եպիսկոպոսները կը հաստատեն թէ «զօրակցութիւնը գլխաւոր ու անզիջելի ճանապարհն է» դիմագրաւելու համար գաղթականութեան հարցը։

«Զօրակցութիւնը արդարեւ կը նշանակէ հիւրընկալութիւն ու ներառում» դիտել տուած են եպիսկոպոսները հրաւիրելով Եւրոպան զարգացնելու իրար հասկացողութեան ու համագործակցութեան հոգի մը, շնչելով քրիստոնէական իր երկու թոքերով՝ արեւելեան ու արեւմտեան թոքերով, զօրակցութեան անուշ օթը։ Անոնք ապա յատուկէն կ՛անդրադառնան կամաւորական աշխատանքին ու կամաւորներու անձնուիրումին որոնք՝ Բարի Սամարացիի նման հոգ կը տանին մերձաւորին։

Իրենց հրապարակած պատգամին մէջ Եւրոպայի եպիսկոպոսները կ՛ընդգծեն նաեւ աւետարանութեան եւ համամիութենական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որոնք պէտք դրուին ի սպաս մարդոց ու հասարակաց բարիքի ծառայութեան, ինչպէս նաեւ ամէն մէկ մարդ անհատի արժանապատուութեան ու անոր կեանքի պաշտպանութեան։

Պատգամին մէջ եպիսկոպոսները ապա յատուկ մօտիկութիւն եւ զօրակցութիւն կ՛արտայայտեն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, շնորհակալութիւն յայտնելով Անոր անչափահասներու չարաշահումներու դէմ մղած պայքարին համար ու այդ պայքարի ծիրէն ներս՝ յառաջիկայ փետրուար ամսոյն մէջ եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահներու ժողովին գումարման համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2018, 10:29