Կարդինալ Քրայեւսքին Մոնտօ Միլիորէ կեդրոնին մէջ Կարդինալ Քրայեւսքին Մոնտօ Միլիորէ կեդրոնին մէջ 

Քահանայապետի ողորմաբաշխ կարդինալին այցը գաղթականներու կեդրոնի մը։

Քահանայապետական ողորմաշախութեանգրասենեակը աղքատներուն ու գաղթականներուն աւելի քան 20 հազար պաղպաղակ բաժնեց

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Օրհնութիւն ու ողջոյնի արտայայտութիւն Սրբազան Քահանայապետին կողմէ» այս եղաւ Քահանայապետական ողորմաբաշխութեան գրասենեակի վարիչ՝ Կարդինալ Քարայեւսքիի նուէրը «Մոնտօ Միլիորէ» կեդրոնին մէջ հիւրընկալուած գաղթականներու մէկ խումբի մը։

Կեդրոնը կը գտնուի Հռոմի արուարձանեային շրջանի «Ռոքքա Տի Փափա» գիւղաքաղաքին մէջ, ուր՝ ինչպէս նշեցինք, հիւրընկալուած են գաղթականներ որ մօտ օրէն պիտի փոխադրուին Իտալիոյ այլ քաղաքներու եկեղեցական կառոյցներու մէջ։

Կարդինալ Քարյեսւքիին կ՛ընկերանար Իտալիոյ Քարիթասի տնօրէնը Գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Սոտտու։ Երկու եկեղեցականները կէսօրուան ճաշը բաժնեկցեցան 340 գաղթականներու հետ, ապա հանդիպեցան անոնցմով զբաղող 40 կամաւորներուն հետ։ Կարդինալ Քրայեւսքին անոնց նուիրեց Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերը, ապա երկու սուրիացի պատանիներ Քահանայապետին նուիրեցին իրենց գծագրած նկարներ մինչ իսլամ տիկին մը Սրբազան Հօր նուիրեց  ձեռագործ Տիրամօր մէկ պատկերը։

Քահանայապետական ողորմաշախութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուի նաեւ թէ գրասենեակը աղքատներուն ու գաղթականներուն  աւելի քան 20 հազար պաղպաղակ բաժնած է յայտնելով թէ այդ պաղպաղակները իտալական պաղպաղակի գործարանի նուէրն էին, որ ուզեց զօրակից ու բաժնեկից ըլլալ  աղքատներուն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2018, 08:03