Կարդինալական խորհուրդի նիստը Կարդինալական խորհուրդի նիստը 

Կարդինալներու Խորհուրդի զօրակցութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին։

Խորհուրդը լիակատար զօրակցութիւն արտայայտեց Ֆրանչիսկոս Պապին, վերջին շաբաթներուն պատահած իրողութիւններուն ի տես.

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 10 սեպտեմբերի Վատիկանի մէջ սկիզբ առաւ Քահանայապետի խորհրդատու Ինը Կարդինալներու խորհուրդի 26-րդ ժողովը, որուն առթիւ Խորհուրդը հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ որուն մէջ նշուած է թէ հինգ տարիներու աշխատանքէ ետք պատրաստ են Սրբազան Քահանայապետին յանձնել Հռոմի Քուրիայի սահմանադրութեան նոր նախագիծը, որուն  քննարկումին շարունակութեան համար Խորհուրդը Քահանայապետէն կը խնդրէ խորհրդածութեան պահ մը, ըլլայ աշխատանքի, ըլլայ Խորհուրդի կազմի ու կառոյցի մասին, ի միտ ունենալով նաեւ խորհուրդի անդամներուն յառաջացած տարիքը։

Խորհուրդը ապա գնահատանք արտայայտեց Տուպլինի Ընտանիքներու համաշխարհային 9-րդ հաւաքի յաջողութեան համար,  որուն առումով շնորհաւորեց նաեւ Կարդինալ Քեվին Ֆարրելը ու Աշխարհականներու, ընտանիքներու ու կեանքի բաժանմունքը որ Տուպլինի առաջնորդի հետ միասին կազմակերպած էին ձեռնարկը։

Ի վերջոյ Խորհուրդը լիակատար զօրակցութիւն արտայայտեց Ֆրանչիսկոս Պապին, վերջին շաբաթներուն պատահած իրողութիւններուն ի տես, այն գիտակցութեամբ թէ ներկայ բանավէճին մէջ, Սուրբ Աթոռը կը պատրաստուի հարկաւոր պարզաբանութիւններ տալ հարցերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2018, 08:00