Տալի Քաղաքին մէջ կաթողիկէ եկեղեցի Տալի Քաղաքին մէջ կաթողիկէ եկեղեցի 

Ժամանակաւոր համաձայնագիր ընդմէջ Սուրբ Աթոռին եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան։

Աստիճանական եւ փոխադարձ մօտեցումէ ետք, այսօր Փեքինի մէջ ստորագրուեցաւ Ժամանակաւոր Համաձայնագիր մը ընդմէջ Սուրբ Աթոռին եւ Չինաստանին, հայող եպիսկոպոսներու անուանումին, այն յոյսով որ սոյն համաձայնագիրը սատարէ Չինաստանի մէջ եկեղեցւոյ կեանքին ու չինաստանի բարիքին ինչպէս նաեւ աշխարհի խաղաղութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի Ժողովրդական հանրապետութեան միջեւ եկեղեցական միասնական հարցերու հայող կայացած ու շարունակուող  շփումներու շրջագիծէն ներս, եւ խթանելու նպատակով փոխ ըմբռնումի յետագայ յարաբերութիւնները, այսօր՝ 22 սեպտեմբեր 2018-ին, Փեքինի մէջ տեղի ունեցաւ ժողով մը ընդմէջ գերապայծառ Անթոնիօ Քամիլլերիի՝ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղար եւ  Տիար Ուանկ Չաոյի՝ Չինաստանի հանրապետութեան արտգործ փոխ նախարար, որոնք կը գլխաւորէին Վատիկանի եւ Չինաստանի Պատուիրակութիւնները։

Սոյն հանդիպումի ծիրէն ներս երկու ներկայացուցիչները եպիսկոպոսներու անուանումին հայող ժամանակաւոր համաձայնագիր մը ստորագրեցին։

Համաձայնագիրը որ պտուղն է աստիճանական ու փոխադարձ մօտեցումի, ստորագրուեցաւ երկար եւ կշռուած բանակցութիւններու երկար գործընթացէ մը ետք, որուն իրականացման համար նախատեսուած են  պարբերական գնահատումներ։ Համաձայնագիրը, ինչպէս նշեցինք, կը հայի եպիսկոպոսներու անուանումին, հարց մը որ Եկեղեցւոյ  կեանքին համար շատ կարեւոր է եւ որուն շնորհիւ կը ստեղծուին նոր պայմաններ՝ երկկողմանի աւելի ընդարձակ համագործակցութեան ուղիով։

Փոխադարձ մաղթանք է որ այս համաձայնութիւնը սատարէ պտղաբեր ու  հեռանկարային պաշտօնական երկխօսութեան մը գործընթացին ու դրականօրէն նպաստէ Չինաստանի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կեանքին, ինչպէս նաեւ համայն Չինացի ժողովուրդին ու աշխարհի խաղաղութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2018, 12:00