Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կրէկ Պուրք Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կրէկ Պուրք 

«Սուրբ Աթոռ – Չինաստան համաձայնագիրի նպատակը հովուական է եւ ոչ քաղաքական». Կրէկ Պուրք

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնի յայտարարութիւնը։

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ի լուր Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Կրէկ Պուրք հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրաւ. «Այս մէկը գործընթացի մը աւարտը չէ ։ Սկիզբն է։ Երկխօսութիւն մըն է այդ, երկու կողմերու համբերատար ունկնդրութիւն, նոյնիսկ երբ կողմերը ունին տարբեր տեսակէտեր։ Համաձայնագիրի նպատակը քաղաքական չէ այլ հովուական, հաւատացեալներուն թոյլ տալու որ ունենան Հռոմի հետ հաղորդութեան մէջ եպիսկոպոսներ ու միեւնոյն ատեն եպիսկոպոսներ որոնք պաշտօնապէս ճանչցուած ըլլան Չինաստանի իշխանութիւններէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2018, 12:05