Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն  

Կարդինալ Թուրքսոն. «թող յարգուի մարդկային իրաւունքներուն հռչակագիրը»։

Գիտաժողովին նպատակն է հարց ուղղել ընկերութեան, թէ ինչպէս կը վերաբերի նորեկ գաղթականներուն հետ, թէ ինչպէս այսօր կը դիտուին այդ գաղթականները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Նախաձեռնութեամբ Վատիկանի մարդկային համապարփակ խթանման բաժանմունքի եւ համագործակցութեամբ Եկեղեցիներու համամիութենական համաշխարհային խորհուրդին, Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 18-ին, Հռոմի մէջ բացումը կատարուեցաւ «համաշխարհային գաղթականութեան ոլորտէն ներս, այլատեացութիւնը, ցեղապաշտութիւնը, ժողովրդապաշտ ազգայնութիւնը» նիւթով գիտաժողովին:

Գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վատիկանեան վերոնշեալ բաժանմունքի նախագահը՝ Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն, որուն մէջ դիտել տուաւ, որ գաղթականութեան երեւոյթին դիմաց, այսօր զանց կ՛ըլլայ, 70 տարի առաջ յայտարարուած մարդկային իրաւունքներուն համաշխարհային հռչակագիրի յարգանքը:

Ան ապա անդրադառնալով գիտաժողովին նպատակին, յայտնեց թէ գիտաժողովին նպատակն է հարց ուղղել ընկերութեան, թէ ինչպէս կը վերաբերի նորեկ գաղթականներուն հետ ,թէ ինչպէս այսօր կը դիտուին այդ գաղթականները ապա քննարկել այդ ընկերութեան բարոյական եւ իրաւական կշիռքը գաղթականութեան երեւոյթին դիմաց , որ միշտ գոյութիւն ունեցած է մարդկութեան պատմութեան հոլովոյթին:

Ծիրանաւորը ապա մատնանշեց, որ ականատես ենք այր մարդոց, կիներուն, մանուկներուն վկայութիւններուն ,որոնք իրենց կեանքը վտանգելով կը փնտռեն աւելի լաւ կեանք մը, դիտել տալով որ այս մարդոց կեանքը, անոնց վէրքերն ու յոյսերը կը հարցաքննեն մեր խիղճերը եւ բոլորս կը մղեն խոկալու թէ ինչպէս այսօրուան ընկերութիւնը կը դիտէ նոր հասած գաղթականները։

Կարդինալ Թուրքսոն հարց տուաւ, թէ մարդու իրաւունքներուն համաշխարհային հռչակագիրի 70 տարիներու ժամանակամիջոցին, եթէ իսկապէս գիտցանք կերտել ընկերութիւն մը , որուն մէջ , ցեղը, սեռը, գոյնը, լեզուն, կրօնքը, քաղաքական կարծիքը, ազգային եւ ընկերային ծագումը, հարստութիւնն կամ ալ աղքատութիւնը բաւարար պատճառ կը նկատուին արդարացնելու համար՝ անտարբերութիւնը, մեկուսացումը, ատելութիւնը եւ մարդ էակ ըլլալու բացառութիւնը:

Ան իր խօսքը աւարտեց դիտելով տալով որ եկեղեցիները կանչուած են խոկալու իրենց դերակատարութեան մասին՝ գաղթականութեան այս երեւոյթէն ներս:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2018, 10:56