Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կարդինալ Օ Մալլէյ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կարդինալ Օ Մալլէյ 

Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական յանձնաժողովի նախագահի զրոյցը։

Յանձնաժողովը անխոնջ կերպով աշխատած է ամբողջ աշխարհի վրայ տարածել պաշտպանութեան պատգամը

Հայր Ներսէս վրդ. Սագայեան

Շաբաթ, 8 սեպտեմբերին իր աւարտին հասաւ նախորդ ուրբաթ օր սկսած Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական Յանձնաժողովի լիագումար նիստը, որուն մասնակցած են 200է աւելի նոր եպիսկոպոսներ։ Այս առիթով Կարդինալ Փաթրիք ՕʼՄալլի հարցազրոյց մը տուած է Եկեղեցւոյ՝  անչափահասներու պաշտպանութեան խնդրի նկատմամբ կատարած աշխատանքներու շուրջ։

Կարդինալ ՕʼՄալլի կը նկատէ թէ վերջին դէպքերը Եկեղեցւոյ ուշադրութիւնը կենդրոնացուցած են անչափահասներու սեռային չարաշահումի խնդրին շուրջ յստակ պատասխանի մը անհրաժեշտութեան վրայ։ Ան կը յիշեցնէ է, թէ վերջին լիագումար նիստը սկսած է զոհերու վկայութիւններու ունկնդրութեամբ, որոնց կարգին Մէրի Քոլլինսի վկայութիւնը՝ տեսերիզի վրայ։

Ծիրանաւորը ուշադրութեան կը յանձնէ, թէ Յանձնաժողովը անխոնջ կերպով աշխատած է ամբողջ աշխարհի վրայ տարածել պաշտպանութեան պատգամը։ Ան կը նկատէ, թէ որոշ ցամաքամասերու վրայ այս խնդրի շուրջ ժողովուրդը շատ չի խօսիր։ Այս պատճառով Յանձնաժողովի անդամները աւելի քան հարիւր համագումարներ կազմակերպած են, եւ ներկայիս կազմակերպչական աշխատանքներ կը տարուին Պրազիլի, Քոլոմպիայի, Մեքսիքոյի եւ Լեհաստանի մէջ կայանալիք համագումարներու։ Նաեւ աշխատանք կը տարուի կազմելու որոշ ուղեցոյցներ եւ տալ միջոցներ եպիսկոպոսական ժողովներուն, որդեգրելու այդ ուղեցոյցները։

Կարդինալ ՕʼՄալլի կը յիշէ նաեւ այլ նախաձեռնութիւն մը, «Survivors’ Advisory Panels» տիտղոսով, որ պիտի իրականացուի զանազան ցամաքամասերու վրայ։ Կը նախատեսուի կազմել զոհերու խմբակներ, որոնք կարենան խորհուրդներ տալ տեղւոյն եպիսկոպոսական ժողովներուն։ Ապա սոյն նախաձեռնութիւնը նաեւ միջոց մըն է Յանձնաժողովին հայթայթելու խնդրին հայող տեղեկութիւններ։

Կարդինալ ՕʼՄալլի նաեւ ճշդում մը կը կատարէ Յանձնաժողովի անուան։ Ան կը նկատէ, թէ շատ անգամ Յանձնաժողովը կ՛անուանուի «սեռային չարաշահումի հայող Յանձնաժողով», մինչ անոր ձեռնհասութիւնը կը հայի անչափահասներու պաշտպանութեան, եւ հետեւաբար ունի կանխարգիլելու պարտականութիւն մը։ Յանձնաժողովը չի զբաղիր կատարուած դէպքերով, այլ կ՛աշխատի նպաստը բերել ապագային, որպէսզի այլեւս չկրկնուին այդպիսի տխուր պատմութիւններ։ «Այս պարտականութիւնը կը կատարենք առաջարկներու ընկալումով, որոնք կը ներկայացնենք Սրբազան Պապին։ Մեր պարտականութիւնն է նաեւ խթանել best practices, այսինքն ուղեցոյցներ որոնք նկատի ունին պաշտպանութիւնը եւ կանխարգելումը։ Ասկէ աւելի, կ՛իրականացնենք դաստիարակութեան եւ կազմաւորումի ծրագիրներ Եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն համար, որպէսզի եպիսկոպոսներ, քահանաներ եւ կրօնաւորներ գիտակցին խնդրի լրջութեան եւ ունենան միջոցներ անչափահասներու պաշտպանութեան եւ զոհերու հովուական խնամքին համար։ Այս է նպատակը, որ կ՛առաջնորդէ մեր գործունէութիւնը։ Կան Սուրբ Աթոռի այլ բաժանմունքներ, որոնք պատասխանատուութիւնն ունին դիմագրաւելու դէպքերը եւ չարաշահումի կամ իշխանութիւններու կողմէ ցուցաբերուած անփութութեան մասնաւոր պարագաները։ Մեր Յանձնաժողովը չէ կարելի նկատել պատասխանատու անոնց գործունէութեան։ Մեր աշխատանքն է կանխարգիլել եւ փորձել Եկեղեցին վերածել մանուկներու եւ խոցելի չափահասներու համար ամենէն ապահով վայրին»։

Հարցազրոյցի աւարտին, Կարդինալ ՕʼՄալլի անդրադառնալով Սուրբ Աթոռի զանազան բաժանմունքներու մէջ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան, կը նշէ թէ Յանձնաժողովի պատասխանատուութիւններէն մին է կազմաւորել Եկեղեցւոյ ղեկավարները։ Ասոր համար կը կազմակերպուին նաեւ համագումարներ Սուրբ Աթոռի այլ բաժանմունքներու հետ։ Ան կը նշէ, թէ այս շաբաթ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Յանձնաժողովի անդամներուն, Իտալիոյ եպիսկոպոսական ժողովի պատասխանատուներուն եւ Հաւատքի Վարդապետութեան Ժողովի միջեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2018, 09:00