Քոյր Ալֆոնսա Մարիա Էփփինկէրը Քոյր Ալֆոնսա Մարիա Էփփինկէրը 

Սթրազպուրկի մէջ Երանելի կը հռչակուի Քոյր Ալֆոնսա Մարիա Էփփինկէրը:

Քոյր Ալֆոնսա Մարիա 18 տարիներ շարունակ կը ղեկավարէ միաբանութիւնը որ տարի է րաի կը ծաղկի ու կը ծաւալի

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 9 սեպտեմբեր 2018-ի ժամը 14.30-ին Սթրազպուրկի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան Քոյրերու միաբանութեան հիմնադիր՝ Քոյր Ալֆոնսա Մարիա Էփփինկէրի երանացման արարողութիւնը, որ պիտի գլխաւորէ՝ յանուն Ֆրանչիկսս Սրբազան Քահանայապետին,  Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Ճովաննի Անճելօ Պեչչուն։

Աւազանի անունով Էլիզապէթ՝ Քոյր Ալֆոնսա Մարիա Էփփինկերը ծնած էր 9 սեպտեմբեր 1814-ին «Niederbronn Les Bains» գիւղաքաղաքին մէջ, 11 զաւակներով  հողամշակութեամբ զբաղող պարզունակ ընտանիքի մը յարկին տակ։ Ան կ՛աճի յաճախելով գիւղին ժողովրդապետութիւնը ու կը մեծնայ հիւանդոտ վիճակի մէջ, յատուկ ջերմեռանդութիւն ունենալով Սուրբ Հաղորդութեան նկատմամբ։

Առաջին Հաղորդութիւնը ընդունելէ ետք կը սկսի աւելի ստէպ յաճախել ժողովրդապետութիւնն ու եկեղեցին։ 1946-ին առողջութեան վատթարացումի մը շրջանին, Էլիզապէթ կը զգայ Յիսուսին խորհրդաւոր ներկայութիւնը որ իր հետ կը խօսի ու զինք կը քաջալերէ։  Այդ տեսիլքէն ետք ան կ՛ունենայ մարգարէանալու շնորհապարգեւը որով կը կանխատեսէ որոշ իրողութիւններ որոնք ապա տեղի կ՛ունենան կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին, ինչ որ կը տարածէ անոր համբաւը  որ կը հասնի մինչեւ Հռոմ։

Սթրազպուրկի եպիսկոպոսը՝ Սուրբ Աթոռի հրահանգքով  անձամբ կ՛այցելէ Էլիզապէթին ու կը նշէ թէ «ինք հանդիպած է յատուկ առաքինութիւններով անձի մը հետ»։  1848-ին Էլիզապէթ աստուածային հրահանգ կը ստանայ հիմնելու միաբանութիւն մը, որուն նպատակը ըլլայ ծառայութիւն մատուցել աղքատներուն։  Թէեւ մանկութենէն ի վեր հիւանդութենէ կը տառապէր ան հրաշափառ կերպով կը բուժուի ու ինքզինք ամբողջութեամբ կը նուիրէ միաբանութեան։

1850-ի Յունուար երկուքին Էլիզապէթ կը կատարէ իր մշտնջենաւոր ուխտերը եւ կը ստանձնէ Քոյր Ալֆոնսա Մարիա անունը, ի պատիւ Սուրբ Ալֆոնսօ Մարիա Տէ Լիկուորիին։

Քոյր Ալֆոնսա Մարիա 18 տարիներ շարունակ  կը ղեկավարէ միաբանութիւնը որ տարի է տարի կը ծաղկի ու կը ծաւալի առաքելութիւններ հաստատելով եւրոպայի այլ երկիրներու մէջ որոնց շարքին Ֆրանսան, Գերմանիան, Աւստրիան եւ Հունգարիան։

31 Յուլիս 1867-ին Քոյր Ալֆոնսա Մարիա, 53 տարեկանին, կը կնքէ իր մահկանացուն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2018, 13:40