Քոյր Վերոնիքա Անթալ Քոյր Վերոնիքա Անթալ 

Երանելի կը հռչակուի Ռոմանացի աշխարական քոյր Վերոնիքա Անթալը

Քոյր Վերոնիքա անդամ էր ֆրանչիսկեան երրորդ կարգի միաբանութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Անճելօ Պէչչու, շաբաթ, սեպտեմբեր 22-ին, Ռոմանիոյ Նիսիփորեսթի քաղաքին մէջ կը նախագահէ աշխարահական Վերոնիքա Անթալիի երանացման արարողութեան:

Քոյր վերոնիքա ծնած է Նիսիփորեսթի քաղաքին մէջ՝ 7 դեկտեմբեր 1935-ին, պարտիզպան ընտանիքի մը յարկին տակ: Անոր քրիստոնեայ հաւատքի դաստիարակիչը եղած իր մեծ մայրը:

Քոյր վերոնիքա երիտասարդ հասակին փափաք յայտնած է մտնել Աստիզզի ֆրանչիսկեան քոյրերուն վանք սակայն1948-ին համայնավար համակարգը փակել կու տայ բոլոր կրօնական հաստատութիւնները: 15 տարեկանին քոյր Վերոնիքա անդամ կը դառնայ ֆրանչիսկեան երրորդ կարգի միաբանութեան, թաքուն կերպով կատարելով իր ողջախոհութեան ուխտերը:

24 օգոստոս 1958-ին, քոյր Վերոնիքա իր ժողովրդապետութենէն տուն վերադարձ կատարելու ժամանակ թաշոյնով մը յարուած կը ստանայ Փաւել անունով երիտասարդի մը կողմէ, որուն նպատակն էր ցաւ պատճառել ու սպաննել մայրապետի մը: Քոյր Վերոնիքա, ինքնապաշտպանութիւն ի զուր փորձ կատարելէ ետք գետին կ՝իյնայ ու կը մեռնի : Անոր անշնչացած դիակը կը յայտնաբերուի երկրորդ օրը, սպանութեան նոյն վայրին մէջ, իր ձեռքին մէջ ունէր վարդարան մը:

Համայնավար համակարգին փլուզումէն ետք, Ռոմանիոյ շէջ փոքրիկ եղբայրներ միաբանութիւնը յաձնն առնելով քոյր Վերոնիքայի սրբադաստան դատը կը սկսին վկայութիւններ հաւաքել անոր մասին:

26 յունուար 2017-ին, ֆրանչիսկոս Պապ կ՝արտօնէ հրապարակել Քոյր Վերոնիքայի մարտիրոսութեան հրամանագիրը՝ սկիզբ տալու համար անոր երանացման դատին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2018, 08:00