Որոնել

Երանելի Ժան Ֆուք Երանելի Ժան Ֆուք 

Երանելի կը հռչակուի Հայր Ժան Պաթիսթը:

Հայր ժան հիմնած է տարբեր մարդասիրական հաստատութիւններ :

Տիեզերական եկեղեցին կ՝ունենայ նոր երանելի մը, Ֆրանսացի քահանայ Հայր Ժան Պաթիսթ Ֆուքը:

Երանացման արարողութիւնը տեղի կ՝ունենայ շաբաթ, սեպտեմբեր 29-ին-յետմիջօրէին ժամը 4,00իին, Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքին մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Անճելօ Պէչչույի:

Մարսիլիոյ թեմի պատկան, հայր Ժան Պաթիսթը ծնած է Մարսիլիա քաղաք՝ 12 սեպտեմբեր 1851ին: Ան քահանայ ձեռնադրուած է 10 յունիս 1876-ին- ապա պաշտօնավարած է որպէս Փոխ ժողովապետ Մարիսիլիոյ քաղաքի զանազան եկեղեցիներէն ներս:

Ան իր քահանայական կեանքի ընթացքին հիմնած է տարբեր մարդասիրական կազմակերպութիւններ, որոնց շարքին 1903 թուականին, իգական սեռի իջեւան մը ու ճաշարանը մը , Մարսէյլի մէջ գործող ընտանիքէ զուրկ եւ անտէր կին աշխատաւորներուն համար:

1919-ին, յետ պատերազմի դժուար օրերուն , Մարսէյի մէջ Հայր Ժանը, հիմնած է նաեւ կարիքաւոր եւ աղքատ հիւանդներուն համար հիւանդանոց մը վայելելով բոլորին գնահատանքը:

Հայր Ժան վախճանած է 5 դեկտեմբեր 1926-ին իր հիմնած Սուրբ Ժոզէֆ հիւանդանոցին մէջ: Անոր մարմինը այժմ կը հանգչի յիշեալ հիւանդանոցի մէջ գտնուող մատրան մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2018, 08:00