Որոնել

Երանելի Աննա Վոլեսարովայի դամբանը Երանելի Աննա Վոլեսարովայի դամբանը 

Կարդինալ Պեչչուն կը նախագահէ Աննա Քոլեսարովայի երանացման արարողութիւնը։

Նոր Երանուհհի մասին արտայայտուելով Կարդինալ Պեչչու հաստատեց թէ «անոր թողած պատգամը հակահոսանք պատգամ մըն է աշխարհի մը մէջ որ կորսնցուցած է շատ մը արժէքներ»։

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Շաբաթ, սեպտեմբեր 1-ի առաւօտեան, Սուրբերու դատի ժողովի նոր կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Պեչչու, իր այս նոր պաշտօնին բերումով կը գլխաւորէ երանացման առաջին արարողութիւնը, որ տեղի կ՛ ունենայ Սլովաքիայի Քոզիչէ քաղաքին մէջ, որուն առթիւ երանելիներու շարքին կը դասուի աշխարհական Աննա Քոլեսարովա անունով 16 ամեայ մարտիրոս երիտասարդուհին որ  սպաննուեցաւ Սովետական տիրապետութիւն ընթացքին։

Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչի պաշտօնի առաջին արարողութեան նախօրեակին, Վատիկանի Վատիկան Նիուզ գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին կարդինալ Պեչչու յայտնեց թէ ինք իր այս նոր պաշտօնը կը սկսի մեծ անդորրութեամբ ու Աննա Քոլեսարովայի երանացման արարողութիւնը կը նկատէ՝ այս նոր առաքելութեան համար շնորհք»։

Աննա Քոլեսարովան իր կեանքը ապրած է խաղաղ կերպով իր ծննդավայրին մէջ մինչեւ այն օր երբ Ռուսական կարմիր բանակը կը ներխուժէ այնտեղ ու փոքրիկն Աննան իր ծնողքը կը ստիպուին  ապաստան  գտնել ծննդավայրին մօտ գտնուող մէկ թաքստոցին  մէջ, ուղտեղէն սակայն ան բազմաթիւ անգամներ դուրս գալով, օգնութիւն կը մատուցէր վիրաւոր ու կարիքաւոր զինուորներուն:

22 նոյեմբեր 1944ին, 16 տարեկանին,  զինուորի մը օգնութիւն մատուցելու ժամանակ, կ՛ընդդիմանայ այս վերջինիս հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալու պնդումներուն ու կը նախընտրէ մահը քան իր կուսութիւնը կորսնցնելը։ Զինուորը առ այդ զինք կը սպանէ. մինչ Աննան կ՛արտասանէր «Յիսուս, Մարիամ եւ Սուրբ  Հայր Յովսէփ»  բառերը:

Չեքոսլովաքիայի մէջ ընկերվարական պետութեան հաստատուումէն ետք, Աննային  մարտիրոսութեան պատմութիւնը կը շարունակուի կրկնուիլ  եւ լուսարձակի տակ կը դրուի յատկապէս խորհրդային վարչակարգին տապալումէն ետք:

Անոր երանացման դատը սկիզբ առաւ 2  ապրիլ 2005 Քոզիչէի մէջ ու աւարտին հասաւ 14 փետրուար 2012:

2018-ի վեց մարտին,  ֆրանչիսկոս Պապ պաշտօնապէս ճանչցաւ Աննայի  հերոսական մարտիրոսութեան առաքինութիւնը ու վաւերացուց անոր երանացումը։

Նոր Երանուհհի մասին արտայայտուելով Կարդինալ Պեչչու հաստատեց թէ «անոր թողած պատգամը հակահոսանք պատգամ մըն է աշխարհի մը մէջ որ կորսնցուցած է շատ մը արժէքներ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2018, 08:00