Գերապայծառ Կալլակէր Գերապայծառ Կալլակէր 

Գերապայծառ Կալլակէր. «Մարդու հիմնական Իրաւունքները վտանգուած են»

Սուրբ Աթոռի համար այս տարեդարձը առիթ է վերահաստատելու եկեղեցւոյ յանձնառումը ի նպաստ մարդու ծառայութեան:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մարդու Իրաւունքներու Համընդհանուր Հռչակագիրի 70 ամեակին առթիւ, անցեալ 10 սեպտեմբերին, Սթրազպուրկի Եւրոխորհուրդի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը կազմակերպած էր  գիտաժողով մը,  որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրբ Աթոռի այլ պետութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր զեկուցելով «Մարդկային Համապարփակ զարգացումը եւ բազմակողմանի շրջանակէն ներս իրաւունքներու համընդհանրութիւնը» նիւթին մասին։

«Սուրբ Աթոռի համար այս տարեդարձը առիթ է վերահաստատելու եկեղեցւոյ յանձնառումը ի նպաստ մարդու ծառայութեան, բանակարգի մը մէջ ուր մարդու իրաւունքի թանկագին ժառանգութիւնը լրջօրէն դրուած է հարցականի տակ, ըլլայ տեսականօրէն ըլլայ գործնականապէս» հաստատեց իր ելոյթին մէջ գերապայծառ Կալլակէր, դիտել տալով թէ  «մարդու իրաւունքի տեսութեան եւ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած մարդուն հայող քրիստոնէական տեսութեան միջեւ կայ զուգամերձութիւն մը» ու հրամայական նկատեց այդ իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ներկայացնելով այդ իրաւունքներուն սպառնացող երեք երեւոյթներ՝ որոնցմէ առաջինը նկատեց՝  «անբաւարար ներառումով զարգացումի մը համակարգը» որ լուրջ հարցեր կը ստեղծէ ընկերային համախմբումի ծիրէն ներս։ «Սոյն հարցին որպէս պատասխան հարկաւոր է խթանել տնտեսական, ընկերային ու մշակութային, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական իրաւունքները» հաստատեց գերապայծառ Կալլակէր նշելով թէ այս նիւթերը պարունակուած են մարդու իրաւունքի հռչակագիրին մէջ ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան մէջ։

Երկրորդ սպառնալիքը «որոշակի իրաւունքներու» հայող շեղումներն են, որոնք ենթարկուած են «անհատական մեկնաբանութեան»  գերիշխող ազատական մշակոյթի մը շրջագիծէն ներս։ Այս հարցին լուծումը կ՛անցնի կրօնի ազատութեան հաստատակամ հաստատումէն՝ որ հիմնական պայմանն է փոխադրած յարգանքի եւ իսկական հաւասարութեան»- ըսաւ գերապայծառ Կալլակէր նկատել տալով որ  կրօնի ազատութիւնը  կարեւոր դեր մը ունենալու է մարդու իրաւունքներու կառուցման գործընթացքին մէջ, որ կը ճանչնայ մարդ անհատի վերացական արժանապատուութիւնը։ Այս ծիրէն ներս Ան մատնանշեց նաեւ Պետութեան «խնամակալ ու հսկող չէզօքութեան» որ պէտք է «գիտնայ միջնորդ ըլլալ կեանքի տարբեր տեսլականներու միջեւ»։

«Երրորդ սպառնալիքը՝  այդ իրաւունքներու յաճախակի խատումն է աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ» ըսաւ Վատիկանի դիւանագէտը ակնարկելով «բեկոր բեկոր իրականացուած երրորդ համաշխարհային պատերազմին» ինչպէս կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը. «Այս մարտահրաւէրը կը պահանջէ որ մէկուն եւ միւսին իրաւունքները յարգուին, վերացուին տնտեսական եւ հասարակական անարդարութիւնները, որոնք կը հարուածեն աշխարհի որոշ վայրեր ու հետեւանք ունին Եւրոպայի վրայ՝ գաղթականներու երեւոյթի տագնապով» նշեց Գերապայծառ Կալլակէր աւելցնելով թէ  իրաւունքներու հաստատումը բաւարար չէ՝ մարդկութեան բարօրութեան ու խաղաղութեան կառուցումին համար, ու թէ հարկաւոր է նաեւ մարդ էակներու միջեւ «եղբայրութիւնը» որով՝ մէկուն եւ միւսին իրաւունքները իրար միջեւ զօդուած ու մէկը միւսէն կախեալ կը համարուին։

Զարգացում, խաղաղութիւն, զօրակցութիւն, բնապահպանութիւն ու մարդու իրաւունք, բոլորն ալ  իրարու կապուած են, հաստատեց գերապայծառ Կալլակէր շեշտելով թէ «պէտք է աջակցինք մարդկային իրաւունքներուն որպէս հիմ ազատութեան, արդարութեան ու աշխարհի մէջ խաղաղութեան»։

Նշենք թէ վերոնշեալ գիտաժողովը մաս կը կազմէ Սուրբ Աթոռի կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքի մը, որուն գագաթնակէտը պիտի հանդիսանայ յառաջիկայ դեկտեմբերին Վատիկանի մէջ կազմակերպուած Միջազգային Խորհրդաժողովը որ նախաձեռնութիւնն  է  Վատիկանի Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2018, 11:07