25-րդ Առաքելական Ճամբորդութիւն 25-րդ Առաքելական Ճամբորդութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապ կը պատրաստուի այցելել Պալթեան երկիրները։

Քահանայապետը պիտի իրագործէ քահանայպետութեան՝ 25-րդ առաքելական միջազգային ճամբորդութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 22 -25 սեպտեմբեր 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի իրագործէ քահանայպետութեան՝ 25-րդ առաքելական միջազգային ճամբորդութիւնը դէպի Պալթեան տարածաշրջան, ուր պիտի այցելէ Պալթեան երեք երկիները՝ Լիթուան, Լաթուիան եւ Էսթոնիան։

Ճամբորդութիւնը տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի վերոնշեալ երկիրներ կատարած առաքելական ճամբորդութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ։ Երջանկայիշատակ Քահանայապետը այդ երկիները այցելած էր  4 – 10 սեպտեմբեր 1993-ին։

Ֆրանչիսկոս Պապին այս այցելութեան առանցքը կը կազմեն  Մարեմեան ջերմեռանդութիւնը, համամիութիւնն ու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ հալածուած քրիստոնեայ հասարակութիւններու նկատմամբ մօտիկութիւնը։

Թէեւ կը խօսինք երեք «քոյր երկիրներու» մասին  կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրականութիւնը սակայն տարբեր է՝ երկիրէ երկիր։ Լիթուայի մէջ Կաթողիկէները կը կազմեն բնակչութեան 78 առ հարիւրը, Լաթուիոյ մէջ 20 առ հարիւրը իսկ Էսթոնիայի մէջ միայն 0.4 առ հարիւրը։

Լաթուիոյ 3.2 միլիոն՝ բնակչութեան մեծամասնութիւնը, արդարեւ կաթողիկէ են մինչ Լաթուիոյ 2 միլիոն բնակչութեան մեծամասնութիւնը՝ 60 առ հարիւրը կը պատկանին բողոքական եկեղեցւոյ, իսկ Էսթոնիայի 1.3 միլիոն  բնակչութեան մեծամասնութիւնը՝ 75 առ հարիւրը ինքզինք կը յայտարարէ անաստուած։

Լիթուայի մէջ կը գործեն երկու աւագ թեմեր, 5 թեմեր եւ մէկ զինուորական մատրանապետութիւն։ Լաթուիոյ մէջ կայ մէկ աւագ թեմ ու 3 պարզ թեմեր մինչ Էսթոնիայի մէջ կայ միայն մէկ առաքելական հոգաբարձութիւն։

Նորին Սրբութիւնը վերոնշեալ առաքելական ճամբորդութեան չորս օրուայ ընթացքին որպէս բնակութեան վայր ընտրած է Լիթուայի առաքելական նուիրակութեան շէնքը։  Առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին նախատեսուած են Նորին Սրբութեան 15 ելոյթներ որոնց շարքին՝ 3 քարոզներ, 7 ճառեր, մէկ Մարեմեան աղօթք, 2 աղօթք եւ 2 ողջոյնի խօսքեր։ 15 ելոյթներէն եօթն տեղի կ՛ունենան Լիթուայի մէջ չորսն Լաթուիոյ մէջ եւ միւս չորս Էսթոնիայի մէջ։  Սրբազան Քահանայապետը ապա պիտի ստորագրէ 4 ոսկեմատեաններ՝ երկուքը Լիթուայի մէջ ապա մէկը Լաթուիայի մէջ եւ միւսը Էսթոնիայի մէջ։

Պալթեան երկիրներուն կատարած 25-րդ առաքելական ճամբորդութեան նշանաբաններն են. Լիթուայի «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը»։ Լաթուիա «Մեզի յայտնէ քու մայրութիւնդ» ապա Էսթոնիա «Արթնցիր սիրտ իմ»։

Յայտնենք թէ Սրբազան Քահանայապետին սոյն այցելութիւնը կը զուգադիպի Պալթեան վերոնշեալ երկիրներու անկախութեան առաջին հռչակումի 100րդ տարեդարձին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2018, 09:39