Ֆրանչիսկոս Պապ հիւանդներ կ՛այցելէ  (Ossevatore Romano) Ֆրանչիսկոս Պապ հիւանդներ կ՛այցելէ (Ossevatore Romano) 

Ֆրանչիսկոս Պապին 10 օգոստոսի թուիթը:

«Եղբայրսիրութիւնը ուրախութիւն կը պարգեւէ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այն որ իր ամենատկար եղբայրներուն ծառայութեան տակ կը դնէ ինքզինք, կը փորձարկէ անվերապահ սիրոյ ուրախութիւնը»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 10 օգոստոս 2018-ին հրապարակած թուիթին պարունակութիւնը, որուն մէջ Սրբազան Պապը ընդգծեց եղբայրսիրութեան կարեւորութիւնը ու շեշտը դնելով ամենատկար եղբայրներու հանդէպ ցուցաբերուած եղբայրսիրութեան վրայ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2018, 13:30