Որոնել

Արեւածաղիկ Արեւածաղիկ  

Արարչագործութեան խնամքի աղօթքի համաշխարհային չորրորդ օրուայ ներկայացում։

2018-ի ''Արարչագործութեան խնամակալութեան աղօթքի համաշխարհային չորրորդ օրուայ նիւթը նուիրուած է հողին ու անոր մշակումին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ սեպտեմբեր մէկին կը յիշատակուի Արարչագործութեան խնամքի Աղօթքի համաշխարհային չորրորդ օրը։  Օրը հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ, 10 օգոստոս 2015-ին, եւ ունի Էքումենիք - համամիութենական- բնոյթ­, տրուած ըլլալով որ ան կը յիշատակուի օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ միասին։

Սեպտեմբեր մէկէն մինչեւ հոկտեմբեր 4-ը աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ յատուկ ձենարկներ պիտի կազմակերպուին ի նպաստ Արարչութեան խնամակալութեան որոնց շարքին նշենք Ֆիլիփինեան կղզիին մէջ կայանալիք Կարդինալ Թակլէի գլխաւորած Արարչագործութեան նուիրուած սուրբ պատարագը, հուսկ Զուիցերիոյ մէջ ապականած առուակի մը մօտ Անկլիքան եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած ծիսական արարողութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ  «ռատիոաքթիւ» վայրի մը մօտ մի քանի կրօնաւորներուն աղօթքի ձեռնարկը։ 

2018-ի ''Արարչագործութեան խնամքի աղօթքի համաշխարհային չորրորդ օրուայ նիւթը նուիրուած է Ջուրին իր երկու երեւոյթներով  «ջուրին յարգանքը որպէս թանկարժէք միջոց ու ջուրին մատչելիութիւնը որպէս մարդկային իրաւունք»

Ուրբաթ 31 օգոստոս 2018-ի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ, գերապայծառ Պրունօ Մարի Տիւֆֆէ, մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան  կաճարի քարտուղարը, լրագրողներուն ներկայացուց վերոնշեալ Չորրորդ օրուան քահանայապետական պատգամի նիւթը որ լոյս պիտի տեսնէ վաղը՝ շաբաթ մէկ սեպտեմբերին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2018, 11:37