Սէր անուն Յիսուս Սէր անուն Յիսուս 

Ֆրանչիսկոս Պապին 31 օգոստոսի թուիթը «Քրիստոսի սէրը մեզ կը փոխէ»։

Քրիստոսի սէրը, ընկալուած բաց սրտով, մեզ կը փոխէ, կ՛այլափոխէ ու մեզ կարող կը դարձնէ սիրելու

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քրիստոսի սէրը, ընկալուած բաց սրտով, մեզ կը փոխէ, կ՛այլափոխէ ու մեզ կարող կը դարձնէ սիրելու»։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ուրբաթ 31 օգոստոսին, Քահանայապետական թութըրեան կայքին վրայ հրապարակած իր թուիթին մէջ որով շեշտը դրաւ Յիսուսին անհուն սիրոյն վրայ ընդգծելով անոր հրաշագործ արարքները։ 

Ինչպէս գրուած է Մեծն Հայրապետ Ներսէս Շնորհալիի առաւօտ լուսոյ աղօթքին մէջ «Սէր անուն Յիսուս, Սիրով քով ճըմլեա, Սիրտ իմ քարեղէն»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2018, 13:30