Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին մանկապղծութեան դէմ պայքարի 20 օգոստոսի թուիթը։

Թող որ Սուրբ Հոգին մեզի պարգեւէ ապաշխարութեան շնորհքը եւ ներքին օծում՝ որպէսզի այս ոճիրին դիմաց, կարողանանք արտայայտել մեր ապաշխարութիւնը

Երկուշաբթի 20 օգոստոս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն պարունակութիւնը քաղուած էր նոյն օր Անոր Աստուծոյ ժողովուրդին յղած նամակէն, որուն միջոցաւ Նորին Սրբութիւնը դատապարտեց եկեղեցականներու կողմէ գործադրուած մանկաղղծութիւնները ու հրաւիրեց Աստուծոյ Ժողովուրդը աղօթելու եւ ծոմ պահելու ապաշխարութեան ու դարձի գալու դիտաւորութեամբ։

«Թող որ Սուրբ Հոգին մեզի պարգեւէ ապաշխարութեան շնորհքը եւ ներքին օծում՝  որպէսզի այս ոճիրին դիմաց, կարողանանք արտայայտել մեր ապաշխարութիւնը ու քաջութեամբ պայքարելու մեր որոշումը» գրեց Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/08/2018, 15:30