Յիսուսի Յարութիւնը Յիսուսի Յարութիւնը 

Ֆրանչիսկոս Պապին 8 Օգոստոսի թուիթը. «Քրիստոս բացաւ յաւիտենական կեանքի հորիզոնը»

«Չարը կը ջանայ մեզ համոզել թէ մահը ամէն ինչի աւարտն է, սակայն Յարուցեալ Քրիստոս մեզի կը բանայ յաւիտենական կեանքի հորիզոնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 8 օգոստոս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց թէ Յիսուս իր Յարութեամբ մեր առջեւ բացաւ յաւիտենական կեանքի հորիզոնը՝ հակազդելով չարին ու սատանային որ կ՛ուզէ մեզի համոզել թէ մահը վերջն է ամէն ինչի։

«Չարը կը ջանայ մեզ համոզել թէ մահը ամէն ինչի աւարտն է, սակայն Յարուցեալ Քրիստոս մեզի կը բանայ յաւիտենական կեանքի հորիզոնը» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2018, 13:30