Սուրբ Հաղորդութիւնը Սուրբ Հաղորդութիւնը 

«Սուրբ Հաղորդութեամբ կը «վերապահենք» դրախտը». Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապին 5 օգոստոսի թուիթը։

Կիրակի 5 օգոստոս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ նշեց թէ Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդին մօտենալը ու Յիսուսի Մարմինն ու Արիւնը ճաշակելը դրախտը «վերապահել» է, որովհետեւ Յիսուսն է որ կ՛առաջնորդէ մեր քայլերը դէպի  յաւիտենական կեանք ընթացող ուղեւորութեան վրայ։

«Սուրբ Հաղորդութիւնը դրախտի «վերապահումն» է. Յիսուսն է որ կ՛առաջնորդէ դէպի յաւիտենական կեանք մեր ճանապարհը» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2018, 13:30