Սուրբ Ժան Մարի Վիաննէյ Սուրբ Ժան Մարի Վիաննէյ  (Joachim Schäfer - Ökumenisches Heiligenlexikon)

Ֆրանչիսկոս Պապին «Քիւրէ Տ՛Արսին» նուիրուած թուիթը։

Աղքատ ընտանիքի զաւակ Ժան Մարի Քահանայութեան հասած է յաղթահարելով մեծ դժուարութիւններ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

4 օգոստոսին կը յիշատակուի Սուրբ Ժան Մարի Վիաննէ՝ «Քիւրէ Տ՛Արսին»  ծիսական տօնը, որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը, հրաւիրելով հաւատացեալները աջակցելու ու թիկունք կանգնելու իրենց հովիւներուն։ «Մօտիկութեամբ ու սիրով աջակցեցէք ձեր քահանաներուն» գրեց Նորին Սրբութիւնը։

Ժան Մարի Վիաննէ ծնած է 8 մայիս 1786-ին Ֆրանսայի Տարտիլլի գիւղաքաղաքին մէջ ու իր մահկանացուն կնքած է  «Արս» գիւղաքաղաքին մէջ՝ 4 օգոստոս 1859-ին։ Ան ճանչցուած է որպէս Քիւրէ Տ՛Արս այսինքն Արսի Ժողովրդապետ, Հովիւ, իր հովուական անխոնջ ծառայութեան ու հոգիներու փրկութեան ի նպաստ մատուցած նուիրեալ գործունէութեան բերումով։

Աղքատ ընտանիքի զաւակ Ժան Մարի Քահանայութեան հասած է յաղթահարելով մեծ դժուարութիւններ յատկապէս ուսման գետնի վրայ։ Փոքրիկ հասակին ան իղձ յայտնած էր կեանքը նուիրել Քրիստոսի սակայն իր գիւղի ժողովրդապետը զայն ատակ չի նկատելով կը մերժէ անոր դիմումը։ 20 տարեկանին Ժան Մարի կ՛իմանայ թէ Էքիւլլիի ժողովրդապետը՝ Հայր Պալլէյ պատրաստակամ էր իր մօտ հիւրընկալելու քահանայութեան ձգտող երիտասարդներ ու անոր դիմելով կը փոխադրուի Էքիւլլի ուր կը շարունակէ իր ուսումները։ 

Քահանայ կը ձեռնատուրի՝ 13 օգոստոս 1815-ին, 29 տարեկանին ու քահանայական ծառայութիւնը կը մատուցէ Էքիւլլի մէջ որպէս Աբբահայր Շարլ Պալլէյի փոխանորդ։ Հայր Պալլէյի մահէն ետք Ժան Մարի կ՛ուղարկուի Արս գիւղաքաղաք, ուր իր կեանքը կը նուիրէ Աւետարանութեան, ու յատկապէս  Խոստովանանքի խորհուրդի մատակարարութեան։ Իր սրբակեաց ու աղօթքի նուիրուած կեանքով Քիւրէ Տ՛Արսը օրինակ կը հանդիսանայ շատերուն, որոնք իմանալով անոր համբաւի մասին կը փութան Արս գիւղաքաղաք մօտէն ճանչնալու Աստուծոյ նուիրուած այդ հոգեւորականը։

Քիւրէ Տ՛Արս կը մահանայ 1859-ին 40 տարիներ ամբողջ իր նուիրական ծառայութիւնը մատուցելով Արս գիւղաքաղաքին մէջ։ Անոր մարմինը անաղարտ կը հանգչի «Ars-sur-Formans» ուխտավայր Պազլիքային մէջ։ 

Անոր մահուընէ 40 տարիներ ետք Պիոս Ժ Պապը զինք  երանելի կը հռչակէ՝ 8 յունուար 1905-ին, մինչ 31 մայիս 1925-ին Պիոս ԺԱ Քահանայապետը զայն կը դասէ սուրբերու շարքին ու կը հռչակէ ժողովրդապետներու պաշտպան սուրբ։

Քիւրէ Տ՛Արսի մահուան 100րդ տարեդարձին առթիւ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապը անոր կը նուիրէ շրջաբերական մը՝ զինք ներկայացնելով որպէս քահանաներու տիպար, իսկ մահուան 150-րդ տարեդարձին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը, 2009 տարին կը հռչակէ Քահանայութեան տարի, յատուկ կերպով յիշատակելու համար քահանայութեան տիպար Սուրբը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2018, 13:30