Որոնել

Իտալացի երիտասարդներու ուխտագնացութիւն Իտալացի երիտասարդներու ուխտագնացութիւն 

«Մենք այստեղ ենք» խորագիրով իտալացի երիտասարդներուն հաւաքը Հռոմի մէջ։

Կարդինալ Պասսեթթի. «70 հազար իտալացի երիտասարդները խաղաղասէր ու զօրակից բանակ մըն են»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 11 եւ կիրակի 12 օգոստոսին Հռոմի մէջ տեղի կ՛ունենայ Իտալացի երիտասարդներու  ազգային հանդիպումը միասնաբար աղօթելու համար յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ նախատեսուած երիտասարդներու նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի կողմէ։

Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն իտալիոյ 226 թեմերու 195 թեմերէ ժամանած 40 հազար երիտասարդներ, մինչ Հռոմի մէջ պիտի համախմբուին 70 հազար երիտասարդներ գլխաւորութեամբ 120 եպիսկոպոսներու։

Հաւաքի ծիրէն ներս, Շաբաթ  11 օգոստոսի երեկոյեան,  Հռոմի «Չիրքօ Մասսիմօ» պատմական կրկէսի տարածքին, տեղի կ՛ունենայ աղօթքի հսկումը որ կը գլխաւորէ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Նորին Սրբութիւնը հսկումի վայր կը ժամանէ 18.30-ին ու ողջունելէ ետք երիտասարդները կը բարձրանայ կեդրոնական բեմ սկիզբ տալով աղօթքի հսկումի արարողութեան։

Յանուն Իտալացի երիտասարդներուն Քահանայապետին ուղղուած ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գայ Էլէնա անունով 30 ամեայ երիտասարդուհի մը որուն կը յաջորդեն երիտասարդներու կողմէ Ֆրանչիսկոս Պապին ուղղուած հարցումներ, անձնական ինքնութեան կազմաւորումի ու երազներու իրականացումի մասին, կեանքի զատորոշումի ու աշխարհի նկատմամբ պատասխանատու յանձնառումի վերաբերեալ. ինչպէս նաեւ հաւատքի փնտռտուքի ու կեանքի իմաստի որոնումի մասին։

Հարց ու պատասխանի աւարտին տեղի կ՛ունենայ հակիրճ գեղարուեստական ներկայացում հուսկ սկիզբ կը տրուի աղօթքի արարողութեան որուն աւարտին նախատեսուած է իտալացի հանրածանօթ արուեստագէտներու ու երգիչներու ելոյթներ, ժամը 21.30էն մինչեւ 23.30։

Ելոյթներուն աւարտին սկիզբ կ՛առնէ  «Սպիտակ Գիշեր» ձեռնակը, որուն առթիւ նախատեսուած է որ Հռոմի 19 եկեղեցիներ իրենց դռները բաց պահեն մինչեւ առաւօտեան 6-ը, երիտասարդներուն առիթ ընծայելու համար որ «Չիրքօ Մասսիմօ» կրկէսէն մինչեւ Սուրբ Պետրոս ուղեւորութեան ընթացքին, առանձնական ու հասարակական աղօթքներ կատարեն, խոստովանանքի խորհուրդին մօտենան, ապա խորհրդածեն իրենց կեանքի ուղեւորութեան մասին։

Մինչ Կիրակի՝ 12 օգոստոսին,  առաւօտեան 9.30-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի կ՛ունենայ համապատարագ գլխաւորութեամբ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ՝ կարդինալ Պասսեթիին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն երիտասարդները եւ որուն՝ ժամը 11-ին, կը յաջորդէ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումը որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներուն կը շնորհէ «առաքելութեան հրահանգը» օրհնելով իտալացի երիտասարդներուն՝ Փանամայի Երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին համար պատրաստած նուէրները՝ Սուրբ Տամիանոյի Խաչելութիւնը եւ Լորէթոյի Տիրամօր սրբապատկերը։ 

Բոլոր  երիտասարդները ապա  ներկայ կը գտնուին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին որով վերջ կը գնտէ նաեւ «Մենք այստեղ ենք» խորագիրով ուխտագնացութիւնն ու հաւաքը։

Արտայայտուելով վերոնշեալ հաւաքի մասին Իտալիոյ եպիսկոպոսներու նախագահը հաստատեց թէ  70 հազար իտալացի երիտասարդները խաղաղասէր ու զօրակից բանակ մըն են որոնք իտալիոյ տարբեր  ճանապարհներով հետիոտն պիտի հասնին Հռոմ՝ 11 եւ 12 օգոստոսին հանդիպելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

«Մենք շատ սպասումներ ունինք այս հանդիպումէն» աւելցուց Ծիրանաւորը մատնանշելով Եկեղեցւոյ երիտասարդներու կազմաւորումին վերապահած  յատուկ հոգատարութեան։ Միասին քալելը հիմնական է պատանիներուն համար, որովհետեւ անոնք իրար զիրար կը ճանչնան ու կը սորվին միասին ապրիլ, ինչպէս նաեւ միասին փորձարկել լրութեան պահեր որոնք անհնար են առօրեայի մէջ։ «Առիթ է ապրելու հաւատքի փորձառութիւն մը» նշեց ապա Կարդինալ Պասսեթթին ընդգծելով սերունդներու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը ու հրամայականը՝ մտիկ ընելու երիտասարդներու ձայնին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2018, 08:41