Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Պալթեան երկիրներու առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանը Ֆրանչիսկոս Պապին Պալթեան երկիրներու առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանը 

Էսթոնիա. աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ պատրաստուիլ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան

Թալին թեմի արքեպիսկոպոսին հրաւէրը ուղղուած կաթողիկէ հաւատացեալներուն:

Վազգէն Աբարդեան -Վատիկան

Ի տես Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին, 22-էն-25 սեպտեմբերին, Լիթուանիա, Լաթվիա եւԷսթոնիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան, Էսթոնիայի Առաքելական կառավարիչ՝ Գերապայծառ Ֆիլիթ Ժորտան գրաւոր պատգամով մը շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց որոնք Պալթեան երկիրներուն մէջ յանձնառու են Նորին Սրբութեան առաքելական այցելութիւնը յաջողեցնելու համար, խնդրելով անոնցմէ որ աղօթեն այցելութեան բերրիութեան համար

Առաքելական կառավարիչը հաւատացեալներէն խնդրած է որ իրենց գործերը մեծ սիրով կատարեն: «Իւրաքանչիւր ձեռնարկ կազմուած է հազարաւոր փոքրիկ մանրամասնութիւններէ. իրականին իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն ունի մեծ նշանակութիւն, ձեզմէ կը խնդեմ որ ձեր գործերը սիրով կատարէք, նկատի ունենալով, որ հոն ու սէր կայ՝ նոնիսկ անիմաստ պարտականութիւն մը նշանակալից կը դառնայ: Մինչ հոն ուր շատ սէր կայ՝ նոյնիսկ ամէնէն փոքրիկ ծրագիրը կը վերածուի կարեւորագոյն ձեռնարկի» գրած է Գերապայծառ Ժորտան։

Էսթոնիայի առաքելական կառավարիչը ապա հրաւիրած է Պալթեան երկիրներու հաւատացեալները, որ իրենց նիւթական պատրաստութեան կողքին պատրաստուին նաեւ հոգեպէս՝ աղօթելով եւ ծոմ պահելով: Ան գրած է՝ «Պատմութեան հոլովոյթին քրիստոնեաները, մեծ ծրագիրներու համար պատրաստութիւն տեսած են աղօթելով եւ ծոմ պահելով: Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը, Էսթոնիայի եկեղեցւոյ եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալին համար վստահաբար սրտի խօսող կարեւոր ձեռնարկ կը համարուի : Հետեւաբար Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր , այցելութեան ժամը մօտալուտ է, բոլորէդ կը խնդրեմ որ աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ պատրաստուիք Սուբր Պետրոսի յաջորդին այցելութեան:»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2018, 10:02