Բնութենէն առնուած լուսանկար Բնութենէն առնուած լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապին 16 օգոստոսի թուիթը: Յիշել Աստուծոյ բարի գործերը

Հաւատքը կը սնանի յիշելով Աստուծոյ բարի գործերը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 16 օգոստոսին, ֆրանչիսկոս Պապ, քահանայապետական «թուիթըի» էջին վրայ կատարած իր գրառումին մէջ հրաւիրեց յիշել Աստուծոյ բարի արարքները՝ կատարած մեզի բոլորիս համար, նկատել տալով որ հաւատքը սնանելու համար պէտք ունի յիշել Աստուծոյ բոլոր բարի ու հրաշալի գործերը, ընդգծելով, որ Աստուած մեր երկնաւոր Հայրը, ինչքան վեհանձն ու բարի է:

«Հաւատքը կը սնանի յիշելով. ինչքան գեղեցիկ բաներ կատարեց Աստուած մեզի իւրաքանչիւրիս համար, ինչքան վեհանձն է Մեր երկնային Հայրը:» Գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2018, 11:28