Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Սուրբ Մասսիմիլիանօ Քոլպէի տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը:

Մարտիրոսները եկեղեցւոյ իսկական ուժը կը հանդիսանան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լատին եկեղեցւոյ ծէսին համաձայն, օգոստոս14-ին, Սուրբ Մասսիմիլիանօ Քոլպէի ծիսական տօնն է, սրբադասուած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի օրով:

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, այս առթիւ քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ հաստատելով թէ մեր օրերուն կան նաեւ անթիւ մարտիրոսներ՝ հալածուած Քրիստոսի սիրոյն համար, նկատել տուաւ որ, «անոնք են եկեղեցւոյ իսկական զօրութիւնը»:

«Այսօր եւս կան բազմաթիւ մարտիրոսներ՝ անթիւ հալածուածներ Քրիստոսի սիրոյն համար: Անոնք  եկեղեցւոյ իսկական զօրութիւնն են»: Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2018, 13:30