Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Գերապայծառ Էտկար Փենա Փարրա Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Գերապայծառ Էտկար Փենա Փարրա 

Արք. Էտկար Փենիա Փարրա նշանակուեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան ընդհանուր գործերու տեղակալ

Գերպ. Փենիա Փարրա 2015 թուականէն ի վեր Մոզամպիքի Առաքելական նուիրակն է.

Օգոստոսի 15ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան ընդհանուր գործերու իբր տեղակալ անուանեց Արքեպիսկոպոս Էտկար Փենիա Փարրա, որ արդէն 25 տարիներէ ի վեր մաս կը կազմէ վատիկանեան դիւանագիտական մարմնին։
Գերպ. Փենիա 2015 թուականէն ի վեր Մոզամպիքի Առաքելական նուիրակն է. նոր պաշտօնը, որ ծանօթ է նաեւ իբր «ներքին գործերու նախարարութիւն», պիտի ստանձնէ տարւոյս հոկտեմբերի 15ին։ 58ամեայ Արքեպիսկոպոսը Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութիւնը սկսած է 1993 թուականի ապրիլ 1ին, եւ ծառայած է Քենիա, Եուկոսլաւիա եւ Ժընեւի ՄԱԿի գրասենեակ, ապա Հարաւային Ափրիկէի, Հոնտուրասի եւ Մեքսիքոյի առաքելական նուիրակներու մօտ։ 2001-2014 թուականներուն եղած է առաքելական նուիրակ Փաքիստանի մէջ։
Գերպ. Փենիա ծնած է Մարասայպօ, Վենեզուելա. քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացած է 1985 թուկանին, եւ եպիսկոպսականը՝ 2011ին։ Ան մասնագիտացած է կանոնական իրաւունքի մէջ եւ կը խօսի սպաներէն, իտալերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, փորթուկաերէն եւ սերպօ-խրուաթերէն։
Նոր անուանումով ան կը ստանձնէ Կարդինալ Ճովաննի Անճելօ Պեչչուի պաշտօնը, որ հրաժարած էր տարւոյս յունիսի 29ին, ստանձնելու համար իր նոր պաշտօնը՝ իբր ղեկավար Սուրբերու Դատի Ժողովին։ Կարդինալ Պեչչու ծառայած էր Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան մէջ 2011 թուականէն սկսեալ։
1988 թուականին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապ հրապարակած էր «Pastor Bonus» (Բարի Հովիւը) առաքելական սահմանադրութիւնը։ Այդ բարեկարգումով, Վատիկանի Պետական Քարտուղարութիւնը կʼունենար երկու բաժանմունք՝ Ընդհանուր Գործերու Բաժանմունքը կամ Առաջին Բաժանմունք (յօդուած 41-44), եւ Պետութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Բաժանմունքը կամ Երկրորդ Բաժանմունք (յօդուած 45-47)։ «Pastor Bonus» սահմանադրութեան յիշեալ յօդուածները մանրամասնօրէն կը հաստատեն իւրաքանչիւր բաժանմունքի պարտականութիւնները։
Պետական Քարտուղարութեան ընհանուր գործերուն բաժանմունքի տեղապահը, ը պատասխանատու է առօրեայ գործերու եւ տրամադրուած է Սրբազան Պապի անմիջական ծառայութեան. կը վերահսկէ Քուրիայի, Սուրբ Աթոռի Բաժանմունքներուն սահմանուած անուանումներուն, Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչներու պարտականութիւններուն եւ գործունէութեան, եւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմատար դեսպանութիւններու հարցերուն վրայ։
Ներկայիս, Երկրորդ բաժանմունքի պատասխանատուն է Արքեպիսկոպոս Փօլ Ռիչըրտ Կալլակըր՝ Պետութիւններու հետ Յարաբերութիւններու քարտուղարը։ Անոր պատշօնը ծանօթ է նաեւ իբր Սուրբ Աթոռի «արտաքին գործերու նախարար»։
2017 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցուցած էր Պետական Քարտուղարութեան երրորդ բաժանմունք մըն ալ, որ մասնաւոր կերպով պիտի վերահսկէ աշխարհի չորս ծագերուն գործող վատիկանեան դիւանագիտական մարմնին վրայ։ Արքեպիսկոպոս Եան Ռոմիօ Փաւլովսքի կը ղեկավարէ այս երրորդ բաժանմունքը։ Ան նախապէս ծառայած է իբր առաքելական նուիրակ Կապոնի մէջ։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2018, 11:15