Որոնել

Յիսուս Քրիստոսի սրբանկար Յիսուս Քրիստոսի սրբանկար 

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի, «Ճշմարտութեան ցոլք» շրջաբերականի 25-րդ ամեակը

Մարդու սրտին խորքին մէջ միշտ կը գոյատեւէ բացարձակ ճշմարտութեան երազը եւ անոր լիուլի ճանաչողութեան ձգտումի ծարաւը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 6 օգոստոս 2018-ին, կը նշուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի, 6 օգոստոս 1993-ին հրապարակուած, Veritatis Splendor «Ճշմարտութեան ցոլք» շրջաբերականի 25-րդ ամեակը :

Յիշեալ շրջաբերականը կը քննարկէ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան բարոյական հիմնական կարգ մը հարցեր:

Երջանկայիշատակ քահանայապետը շրջաբերականի մէջ նկատել կու տայ, որ մարդու սրտին խորքին մէջ միշտ կը գոյատեւէ բացարձակ ճշմարտութեան երազը եւ անոր լիուլի ճանաչողութեան ձգտումի ծարաւը:

Ան կ՝անդրադառնայ ճշմարտութեան տագնապին, կ՝ընդգծէ ճշմարտութենէ բխող ազատութիւնը՝ համապարփակ, շօշափելի եւ անփոփոխելի ճշմարտութիւն:

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը կ՝ընդգծէ նաեւ, որ Աստուած, մարդ արարածը մասնակից կը դարձնէ Իր Աստուածային օրէնքին, որպէսզին մարդը՝ Աստուծոյ նախախնամութեան միջոցաւ կարենայ միշտ անփոփոխելի ճշմարտութիւնը ճանչնայ:

Սրբազան Հայրը ապա կը շեշտէ, թէ եկեղեցին միշտ պահապան կը կանգնի տիեզերքի բարոյական եւ անփոփոխելի օրէնքներուն, որոնք յաւերժ վաւեր են բոլորին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2018, 12:38