Որոնել

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Պապը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Պապը 

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին «Ex Corde Ecclesiae» առաքելական սահմանադրութեան 28-րդ տարեդարձը

Սահմանադրութիւնը կը սահմանէր եւ մանրամասնէր Կաթողիկէ բարձրագոյն ուսման հիմնարկներու էութիւնը, պատկանելիութիւնը եւ պարտականութիւնները։

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

15 օգոստոս 1990ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Պապը հրապարակեց Ex Corde Ecclesiae (Եկեղեցւոյ Սրտէն յառաջ եկած) առաքելական սահմանադրութիւնը, կաթողիկէ բարձրագոյն ուսման հիմնարկներու եւ համալսարաններու համար։
Այն հիմնարկները որոնք իրենց անուան կից կʼուզեն «կաթողիկէ» անուանումը կրել, պէտք է հաստատուած ըլլան Սուրբ Աթոռէն կամ եպիսկոպոսական ժողովէ մը կամ կաթողիկէ իրաւասու նուիրապետութենէ եւ կամ թեմական եպիսկոպոսէ մը։

Փաստաթուղթը կը յիշէ Լատին Եկեղեցւոյ Օրինագրքի թիւ 810 յօդուածը՝ «Կանոնադրութեամբ սահմանուած հեղինակութեան պարտականութիւնն է հոգ տանիլ, որ կաթողիկէ համալսարաններու մէջ այն անձերը նշանակուին իբր դասախօս, որոնք բացի գիտական եւ դաստիարակչական յատկութիւններէ, յայտնի են ուղղափառութեամբ եւ անբասիր կեանքով, եւ թէ անոնք ըստ կանոնադրութեան հաստատած ընթացակարգով կրնան իրենց պաշտօնէն հեռացուիլ, եթէ պահանջեալ նախապայմանները այլեւս չեն լրացուիր։ Եպիսկոպոսական ժողովները եւ մասնակից թեմական եպիսկոպոսները պարտականութիւնը եւ իրաւունքը ունին հսկելու, որ այդ համալսարաններուն մէջ հաւատարմօրէն պահուին կաթողիկէ վարդապետութեան սկզբունքները։»
Առաքելական սահմանադրութիւնը կʼընդգծէ եպիսկոպոսի իշխանութիւնը, եւ կը պահանջէ կաթողիկէ աստուածաբանութեան դասախօսներէն որ ունենան տեղւոյն եկեղեցական իշխանութեան հրամանը։

Փաստաթուղթը առաջին մասին մէջ, 49 կէտերով կը սահմանէ թէ ո՛րն է կաթողիկէ համալսարանի նկարագիրը եւ պարտականութիւնները. կը ճշդէ կաթողիկէ համալսարանի էութիւնը եւ նպատակը։ Սրբազան Հայրը հոն կʼանդրադառնայ դասախօսներուն եւ ուսանողներուն հայող հարցերուն, եւ կը ճշդէ կաթողիկէ համալսարանի դերը Եկեղեցինէն ներս։ Ան ուշադրութեան կը յանձնէ կաթողիկէ համալսարանի կոչումը եւ պարտականութիւնները եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան, մշակութային երկխօսութեան եւ աւետարանումի նկատմամբ։ Կʼանդրադառնայ նաեւ կաթողիկէ համալսարանէն ներս կատարուած հոգհոգւոցի հարցին։

Փաստաթուղթի երկրորդ մասը սահմանադրութեան յօդուածներն են, թիւով 11։
1-7 յօդուածները կը հային ընդհանուր նորմերու – կաթողիկէ համալսարանի էութիւնը, անոր հիմնադրութեան իրաւասու մարմինները եւ պայմանները, համալսարանային հասարակութիւնը (տնօրէնութիւն եւ դասախօսներ), կաթողիկէ համալսարանի տեղը Եկեղեցւոյ մէջ (անոր կապը ընդհանրական Եկեղցեւոյ եւ Սուրբ Աթոռին հետ. անոր պարտականութիւնը տուեալ ժամանակներուն տեղեկատուութիւն ներկայացնելու իրաւասու եկեղեցական իշխանութեան), համալսարանի հասարակութեան մատուցուած հոգ հոգւոցը (որուն համար պէտք է որոշուի բաւարար թիւ մը ձեռնհաս անհատներու՝ քահանաներու, կրօնաւորներու կամ աշխարհականներու), եւ վերջապէս համագործակցութիւնը տեղական, ազգային եւ միջազգային մակարդակի վրայ (նաեւ զանազան միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, որոնք կʼաշխատին արդարութեան, զարգացումի եւ յառաջդիմութեան համար)։

8-11 յօդուածները կանոններ են անցման շրջանի համար։ Առաքելական Սահմանադրութիւնը ոյժի մէջ կը մտնէր 1991 ակադեմական տարւոյն սկիզբը։ Անոր գործադրութեան պատասխանատուութիւնը կը յանձնուէր Կաթողիկէ Ուսմանց Ժողովին։ Ժողովի պարտականութիւնն էր ժամանակի ընթացքին կատարել փոփոխութիւններ, եթէ հարկը պահանջէր, որպէսզի Սահմանադրութիւնը յարմարէր կաթողիկէ համալսարաններու նոր պահանջքներուն։ 11րդ յօդուածը կը հաստատէր, թէ տեղական Եկեղեցիներու օրէնքները եւ սովորութիւնները որ տակաւին ոյժի մէջ են եւ հակոտնեայ սահմանադրութեան՝ կը վերացուին։ Նաեւ կը վերացուին Սուրբ Աթոռի կողմէ ֆիզիքական կամ իրաւական անձերու տրուած առանձնաշնորհումները, որոնք հակոտնեայ են սոյն սահմանադրութեան։

Սրբազան Հայրը սահմանադրութեան աւարտին կը գրէ՝ «Այս փաստաթուղթը լիայոյս կերպով կը յանձնեմ այր մարդոց եւ կիներու, որոնք բազմաթիւ ձեւերով ստանձնած են կաթողիկէ բարձրագոյն ուսուցման պարտականութիւնը։ Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, իմ քաջալերանքս եւ վստահութիւնս կʼընկերանան ձեզի՝ ձեր առօրեայ ծանր աշխատանքին, որ օրէ ցօր կʼաճի, շտապ եւ անհրաժեշտ կը դառնայ՝ աւետարանումին համար, մշակոյթի եւ մշակոյթներու ապագային համար։ Եկեղեցին եւ աշխարհը կարիքն ունին ձեր վկայութեան եւ ձեր մասնագիտական, ազատ եւ պարտաճանաչ կերպով կատարուած աշխատանքին։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2018, 08:00