«Հազար Ճանապարհներով» «Հազար Ճանապարհներով»  

«Հազար Ճանապարհներով» Իտալիոյ երիտասարդներուն ուխտագնացութիւնը դէպի Հռոմ

11 օգոստոսին Հռոմի «Չիրքօ Մասսիմօ» կրկէսի տարածքին տեղի կ՛ունենայ աղօթքի հսկում Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

3 օգոստոսին, Իտալիոյ տարբեր շրջաններէն հազարւոր երիտասարդներ  սկիզբ  կու տան «Հազար ճանապարհներով» խորագիրով ուխտագնացութեան մը, որ վերջ պիտի գտնէ Հռոմի մէջ՝ 11 եւ 12 օգոստոսին «Մենք Այստեղ ենք» խորագիրով նախաձեռնութեամբ։

Վերոնշեալ երկու ծրագիրները կազմակերպուած են Իտալական Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կողմէ, առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ հոկտեմբեր 2018-ին նախատեսուած Երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին։

Իտալացի երիտասարդները 11 օգոստոսին պիտի համախմբուին Հռոմի «Չիրքօ Մասսիմօ» պատմական կրկէսի տարածքին, ուր տեղի պիտի ունենայ աղօթքի հսկումը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ, որուն պիտի յաջորդէ «Սպիտակ Գիշեր» ձեռնակը, որուն առթիւ նախատեսուած է որ Հռոմի մի քանի եկեղեցիներ իրենց դռները բաց պահեն մինչեւ առաւօտեան 4-ը, երիտասարդներուն առիթ ընծայելով որ «Չիրքօ Մասսիմօ» կրկէսէն մինչեւ Սուրբ Պետրոս ուղեւորութեան ընթացքին, առանձնական ու հասարակական աղօթքներ կատարեն, խոստովանանքի խորհուրդին մօտենան, ապա խորհրդածեն իրենց կեանքի ուղեւորութեան մասին։

Կիրակի 12 օգոստոսի առաւօտեան 9.30-ին բոլոր երիտասարդները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախատեսուած է Սուրբ Պատարագին, ապա ներկայ պիտի գտնուին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կիրակնօրեայ Մարեման աղօթքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2018, 10:46