Որոնել

Մէճուկորյէ մարեմեան ուխտավայրը Մէճուկորյէ մարեմեան ուխտավայրը 

Միջազգային երիտասարդական 29-րդ հաւաք Մէճուկորյէ մարեմեան ուխտավայրին մէջ

Տարեկան 2,5 միլիոն հաւատացեալներ կʼայցելեն Մեճուկորյէի ուխտավայրը, ուր 1981 թուականէն սկսեալ տեղի կʼունեան Աստուածածնի երեւումներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պոզնիա Հերցեկովինայի մէջ գտնուող Մէճուկորյէ մարեմեան ուխտավայրին մէջ օգոստոսի 4-6 տեղի ունեցաւ միջազգային երիտասարդական 29րդ հաւաքը։ 50հազար երիտասարդներ, 72 երկիրներէ մասնակցեցան այդ տօնախմբութեան որուն բնաբանն է «Ապրիլ Աստուծոյ խօսքով։ Ան բացաւ անոնց աչքերը հասկնալու համար Սուրբ Գիրքը»։ Պոզնիա Հերցեկովինայի քահանայապետական նուիրակ Արքեպիսկոպոս Լուիճի Փեցցութօ կատարեց բացման արարողութիւնը միասնաբար յուլիս ամիսին անուանուած Առաքելական Այցելուին, Արքեպիսկոպոս Հէնրիք Հոզերի հետ։

Քահանայապետական նուիրակը իր քարոզին մէջ քաջալերեց երիտասարդները, որ աղօթքի մէջ խորանան եւ իրենց անձին մէջ գտնեն այն դատարկութիւնը որ կարելի չէ լեցնել ո՛չ գործերով, ո՛չ յարաբերութիւններով եւ ո՛չ ալ զուարճանքներով։ Այն անհատը որ իր «անձին դաշտը կը մշակէ» եւ կʼապրի «սրբազան անհանգստութիւնը», կրնայ հասնիլ դարձի եւ նորոգումի ճամբուն։ Աստուած չի վարանիր օգնել մարդուն՝ լեցնելու համար իր ներքին դատարկութիւնը։ Կʼարժէ ամէն ինչ լքել եւ ամէն ինչէ հրաժարիլ, ժառանգել կարենալու համար Աստուծոյ արքայութիւնը։ Միայն Յիսուս կրնայ ուրախաութեան աղբիւր ըլլալ եւ իսկական երջանկութիւն շնորհել։
Վիեննայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Քրիսթոֆ Շէօնպորն որ ներկայ գտնուած է տօնախմբութեան, տուած է նաեւ ողջոյնի պատգամ մը։ Ան նշած է, թէ Առաքելական այցելուի մը անուանումը «նշան է մեծ յարգանքի եւ ճանաչումի», որուն համար երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Ֆրանչիսկոս Պապին։ Առաքելական «Այցելուի մը անուանումով, Եկեղեցին պաշտօնապէս կը ճանչնայ Մեճուկորյէի բարի պտուղները», ըսած է Կարդինալը, եւ կոչ ուղղած է հայեացքը ուղղել Մարիամի եւ հետեւիլ անոր խօսքին՝ «ըրէք այն ինչ որ Յիսուս ձեզի կʼըսէ»։
Երիտասարդներու տօնախմբութեան մասնակցած են 500 քահանաներ, զանազան երկիրներէ։
Տարեկան 2,5 միլիոն հաւատացեալներ կʼայցելեն Մեճուկորյէի ուխտավայրը, ուր 1981 թուականէն սկսեալ տեղի կʼունեան Աստուածածնի երեւումներ։ Մոսթար-Տուվնոյի եպիսկոպոսը կը կասկածի երեւումներու իսկութեան եւ ցարդ Սուրբ Աթոռն ալ պաշտօնապէս չէ ճանչցած երեւումներու իսկութիւնը։ Վաստակաւոր Քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ. կատարել տուած էր երկու քննութիւններ, կարդինալ Քամիլլօ Ռուինիի առաջնորդութեամբ. իսկ Ֆրանչիսկոս Պապ 2018 մայիսին, անուանած էր Արքեպիսկոպոս Հէնրիք Հոզերը իբր յատուկ պատուիրակ սրբավայրին։ Ան իր պաշտօնի ստանձման ժամանակ նկատած էր, թէ ուխտագնացութիւնները կը համապատասխանեն Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովի կարգաւորութիւններուն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2018, 09:15