Որոնել

Վիեննայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Քրիսթոֆ Շէօնպորն Վիեննայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Քրիսթոֆ Շէօնպորն 

Մանուկներու ԵՈՒՔԱԹի հրատարակութիւնը

Կարդինալ Քրիսթոֆ Շէօնպորն, օգոստոսի 22ին պիտի ներկայացնէ մանուկներու ԵՈՒՔԱԹի անգլերէն թարգմանութիւնը:

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Օգոստոս ամսոյն 21-26 Տապլինի մէջ տեղի պիտի ունենայ ընտանիքներու միջազգային հաւաքը։ Այդ առիթով Վիեննայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Քրիսթոֆ Շէօնպորն, օգոստոսի 22ին պիտի ներկայացնէ Աւստրիոյ եպիսկոպոսական ժողովի կողմէ հրատարակուած մանուկներու ԵՈՒՔԱԹի անգլերէն թարգմանութիւնը, որ նախատեսուած է 8-12 տարիքի մանուկներու համար։ Գրքի ներկայացումին պիտի մասնակցին Իռլանտացի եպիսկոպոս Պրէնտան Լիհայ եւ Գրքի հեղինակներէն Միխայէլա ֆոն Հէրէման։ Նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին պիտի յանձնուի օրինակ մը, Տապլինի հանդիպումի ընթացքին։

Օգոստոս 22-24, Մանուկներու ԵՈՒՔԱԹի հրատարակիչներէն ոմանք պատրաստած են յատուկ ծրագիրներ ընտանիքներու եւ մանուկներու համար։ Այս ձեռնարկին տիտղոսն է «Երբ փոքրիկ փիլիսոփաներ մեծ հարցեր կու տան»։

Մանուկներու ԵՈՒՔԱԹը քայլ առ քայլ պիտի առաջնորդէ մանուկներ եւ ծնողներ քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութիւններուն մէջ։ Այնտեղ նկատի առնուած են հարցեր, որոնք մանուկներ շատ անգամ կʼուղղեն իրենց ծնողներուն, հովուական գործունէութեան նուիրեալներուն, հոգեւորականներուն կամ դաստիարակներուն։

Գրքի խմբագիր պատասխանատուն Պեռնհարտ Մոյզէր, նակատած է թէ հաւատքի փոխանցումը կը կատարուի անհատական տարածքի վրայ, ուր մանուկներու եւ ծնողքի միջեւ տեղի կʼունենայ առողջ խօսակցութիւն։ «Մեր նպատակն է օգնութիւն մատուցանել» ըսած է ան։

Մանուկներու ԵՈՒՔԱԹը պատրաստած են աւստրիացի աստուածաբաններ եւ հովուականի պատասխանատուներ։ Բնագիրը նախ ներկայացուած եւ փորձուած է մանկապարտէզներու եւ ընտանիքներու մէջ։ Նկատի առնուած են երիտասարդական կազմակերպութիւններու կատարած քննադատութիւնները եւ առաջարկները։ Ապա բնագիրը ներկայացուած է Նոր Աւետարանումի Խթանման Քահանայապետական Խորհուրդին, եւ վաւերացուած 2018ի մայիսին։

Նոր հրատարակուած մանուկներու ԵՈՒՔԱԹի նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կը յորդորէ «մանուկներուն հարցերուն դիմաց չմնալ մունջ, այլ ըլլալ հաւատքի փոխանցողներ։» Սրբազան Հայրը կը յորդորէ ծնողները, որ իրենց զաւակնրուն հետ միասին կարդան մանուկներու ԵՈՒՔԱԹը։ Ան կը գրէ՝ «Ձեզի կը վստահիմ մանուկներու ԵՈՒՔԱԹը։ Մի հոգնիք հարցեր տալէ եւ ձեր հաւատքի մասին պատմելէ։»

Մինչեւ տարւոյս վերջը, մանուկներու ԵՈՒՔԱԹը պիտի ունենայ թարգմանութիւններ 10 լեզուներով։ ԵՈՒՔԱԹի առաջին հատորը հրատարակուած էր եօթ տարիներ առաջ։ Ան արդէն թարգմանուած է 72 լեզուներու։

Յաւելեալ տեղեկութիւնները տեսնել ԵՈՒՔԱԹի կայքէջին վրայ՝ www.youcat.org

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2018, 12:01