Որոնել

Գերապայծառ Աուզա Գերապայծառ Աուզա 

Գերապայծառ Աուզա «Երբեք զանց չընել երկխօսութիւնը հակամարտութիւններու լուծման ծիրէն ներս»։

Գերապայծառ Աուզա մատնանշեց նաեւ Ֆրանչիսկսո Պապին խօսքերուն «Խաղաղութեան փնտռտուքը միշտ բաց աշխատանք մըն է» հաստատելով թէ միջնորդութեան կեդրոնական գաղափարը կը մնայ հանդիպումի մշակոյթը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Լաւ միջնորդը անկողմնակալ եւ վստահելի է բոլոր հակամարտող կողմերուն համար եւ մինչ կ՛աշխատի հարցերու լուծում գտնելու համար, կը կառուցէ խաղաղութեան ապագայ մը որ  կը  տեւէ նոյնիսկ համաձայնութիւններու ստորագրութենէն անդին»։ «Հակամարտութիւնները լուծելու իսկական միջնորդութիւնը բոլոր կողմերուն մասնակցութիւնը կը պահանջէ, ոչ միայն ղեկավարներուն մասնակցութիւնը այլեւ համայն հասարակութեանը ու մասնաւորապէս անոնց որոնք տառապեցան հակամարտութեան պատճառաւ»։ Ասոնք եղան ՄԱԿ-ի մօտ  Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ գերապայծառ Աուզայի խօսքերը, ՄԱԿ-ի նիւ Եորքի կեդրոնին մէջ միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ապահովութեան խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած «հակամարտութիւններու լուծման համար միջնորդութիւնը» նիւթով խորհրդաժողովին։

Գերապայծառ Աուզա ելոյթին մէջ ընդգծեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը ու յատկապէս անարդարութեան ու բռնութեան թիրախ զոհերու նկատմամբ անոր մօտիկութիւնը ինչպէս նաեւ բանակցութիւններու  դիմելու անհրաժեշտութիւնը ու այս ծիրէն ներս երկխօսութեան դուռը միշտ բաց պահելու հարկաւորութիւնը՝ խաղաղ միջոցներով ձեռք բերելու համար արդար լուծումներ։

Գերապայծառ Աուզա մատնանշեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին  խօսքերուն «Խաղաղութեան փնտռտուքը միշտ բաց աշխատանք մըն է» հաստատելով թէ միջնորդութեան կեդրոնական գաղափարը կը մնայ հանդիպումի մշակոյթը որ կը պահանջէ իրար հասկացողութիւն ու յարգանք։ «Հանդիպումի մշակոյթը կը պահանջէ որ քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական բոլոր արարքներու որպէս կեդրոն ընտրել մարդ անհատը ու անոր վսեմ արժանապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ հասարակաց բարիքի յարգանքը» կը թելադրէ Ֆրանչիսկա Պապ – ըսաւ Գերապայծառ Աուզա  միջնորդութեան յաջողութեան որպէս բանալի իրականութիւն նկատելով անկողմնակալութիւնը։ «Հաւատալի միջնորդ մը վստահութիւն կը ներշնչէ կարող ըլլալով անկողմնակալ կերպով բացայայտել կողմերու շահերը» աւելցուց Վատիկանի դիւանագէտը անդրադառնալով հակամարտութիւններէն բխած վէրքերուն որոնց համար հարկաւոր է բուժման ու հաշտութեան երկար գործընթաց, որուն ծիրէն ներս բարի միջնորդը գիտէ կառուցել խաղաղութեան ապագայ մը»։

«Միջնորդները արդարեւ խաղաղութեան գործիք ու արուեստագէտներ են ու հարկաւոր է երախտապարտ ըլլալ անոնց՝ մարդկութեան մատուցած թանկարժէք ծառայութեան համար» եզրափակեց գերապայծառ Աուզա։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2018, 09:17