Ճենովա քաղաքին մէջ անմեղ զոհերուն յուղարկաւորութեան արարողութիւնը Ճենովա քաղաքին մէջ անմեղ զոհերուն յուղարկաւորութեան արարողութիւնը 

Իտալիոյ մէջ սուգի օր ի յիշատակ Ճենովայի մէջ փուլ եկած կամուրջի խլած զոհերուն

18 զոհերու պաշտօնական պետական յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի կ՝ունենայ Ճենովա քաղաքին մէջ առաւօտեան 11ին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 18 օգոստոսին, Իտալիոյ մէջ յայտարարուած է սուգի օր, ի յիշատակ Ճենովա քաղաքի ինքնաշարժներու երթեւեկի «Մորանտի» կամուրջի փլուզման պատճառած 41 անմեղ զոհերուն։ 18 զոհերու պաշտօնական պետական յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի կ՝ունենայ Ճենովա քաղաքին մէջ՝ առաւօտեան 11ին, որուն կը նախագահէ Ճենովա թեմի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Անճելօ Պանիասքոն ի ներկայութեան Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Սերճօ Մաթթարելլային, ինչպէս նաեւ քաղաքական, եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն: Մինչ այլ 20 զոհերուն յուղարակաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ առանձին, ընդառաջելով զոհերու հարազատներուն խնդրանքին:

Յայտնենք, թէ 18 օգոստոսին, շաբաթ լուսցնող գիշեր, աւերակներուն մէջ խոշոր ժայռի մը տակ, իրենց ինքնաշարժին մէջ ճզմուած յայտնաբերուած են ընտանիքի հայր ու մայր մը եւ անոնց 9 տարեկան զաւակը:

Պատշօնական տուեալներուն համաձայն առ այժմ արձանագրուած են 41 զոհեր, մինչ՝ անյայտ վիճակի մէջ գտնուող 20 անձերու փնտռտուքի աշխատանքները կը շարունակուին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2018, 10:42