Որոնել

Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար 

Օգոստոս 5ին, Հռոմի Եկեղեցին, կ՛ոգեկոչէ ''Ձիւնի Տիրամօր'' յիշատակը:

Հռոմի մէջ, աւելի քան 100 եկեղեցիներ նուիրուած են Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմի մէջ, աւելի քան 100 եկեղեցիներ նուիրուած են Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։ Անոնցմէ ամենէն մեծն ու հռչակաւորը` Տիրամօր աւագ տաճարն է, «Սանթա Մարիա Մաճճորէ» Քահանայապետական Պազիլիքան ուր Ֆրանչիսկոս Պապ սովոր է երթալ ամէն մէկ առաքելական ճամբորդութենէն առաջ ու վերջ։

Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը ժամանակին կոչուած էր Լիպերեան տաճար ու կը գտնուի Էսքուիլինօ բլուրին գագաթը։ Լիպերիոս քահանայապետը (352-366) հեթանոսական այդ տաճարը դարձուցած է  քրիստոնէական պազիլիքայ։ Աւանդութիւնը կը պատմէ թէ Հռոմի Սրբուհի Մարիամ աւագ տաճարի շինութիւնը կարելի եղած է հրաշքի մը բերումով։

Լիպերիոս Քահանայապետը արդարեւ տեսիլք մը ունեցած է ու այդ տեսիլքին մէջ անոր հրահանգուած է  եկեղեցի մը կառուցել Աստուածամօր ի պատիւ, Էսքուիլինօ կոչուած բլուրին վրայ։ Այդ տեսիլքին որպէս փաստ` Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը օգոստոս 5-ին, տաք գիշերուան ընթացքին, էսքուիլինօ բլուրին վրայ ձիւն տեղացնել կու տայ ։

Այս երեւոյթին դիմաց, Լիպերիոս Քահանայապետը սահմանագծել կու տայ հողը որուն վրայ կը բարձրանայ Սրբուհի Մարիամին նուիրուած աւագ տաճարը, որ հռոմէացիները նաեւ կը կոչեն Ձիւնի Տիրամօր տաճար եւ ուր պահպանուած է նաեւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի – Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն Տիրամօր սրբանկարը։

Ահա թէ ինչու ամէն տարուայ օգոստոս 5ին կը յիշատակուի Ձիւնի Տիրամօր տօնը։ Նոյն օրը կը վերակոչուի տաճարին սրբագործումը (5 օգոստոս 358) որուն այս տարի կը  յիշատակուի 1660րդ տարեդարձը։

Սրբուհի Մարիամ աւագ տաճարը նաեւ կը կոչուի ս. Կոյս Մարիամի Մսուրը, որովհետեւ արդէն 4-րդ դարէն առաջ հոն կը պահուէին հին մսուրի մը փայտերը, որ ժողովրդական աւանդութիւնը կը վերագրէր այն խանձարուրին որ պատած էր Մանուկ Յիսուսը Բեթղեհէմ քարայրին մէջ։

Մարիա Մաճճորէ տաճարի տօնին առթիւ  կիրակի 5 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10-ին, աւագ տաճարին գահերէցը Կարդինալ Սթանիզլաւ Ռիլքօ` կը նախագահէ տաճարին օծման արարողութեան տարեդարձին նուիրուած  ս. պատարագը,­ մինչ յետմիջօրէի 5-ին տեղի կ՛ունենայ ժամասացութեան արարողութիւն իսկ  երեկոյեան` նախատեսուած է «սպիտակ ծաղիկի փեթակներու անձրեւը» ոգեկոչելու համար ձիւնի հրաշքը։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը­, առաքելական միջազգային այցելութիւններէն առաջ եւ վերջ սովոր է այցելել Տիրամօր նուիրուած այս տաճարը եւ այնտեղ գտնուող ''Սալուս Փոփուլի Ռոմնաի - Հռոմի ժողովուրդին փրկութիւն'' Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ աղօթել Տիրամօր հովանիին յանձնելով կատարելի առաքելական ճամբորդութիւնը եւ վերադարձին շնորհակալութիւն յայտնելու Անոր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2018, 07:35