Որոնել

զբօսաշրջիկներ զբօսաշրջիկներ 

Կարդինալ Թուրքսընի «զբօսաշրջութեան միջազգային օրուան» նուիրուած պատգամը։

Զբօսաշրջութեան միջազգային օրը կը նշուի ամէն տարուայ սեպտեմբեր 27-ին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 4 օգոստոս 2018-ին լոյս տեսաւ՝ մարդկային համապարփակ զարգացումի բաժանմունքի կառավարիչ ՝ Կարդինալ Փիթէր Ափփիա Թուրքսընի  զբօսաշրջութեան միջազգային օրուան նուիրուած «զբօսաշրջութիւնն ու թուային յեղաշրջումը» վերտառութեամբ պատգամը։ 

«Զբօսաշրջութեան միջազգային օրը հաստատուած է «զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան» կողմէ  ու կը նշուի ամէն տարուայ սեպտեմբեր 27-ին։ 

Կարդինալ Թուրքսըն պատգամին մէջ կը մատնանշէ «թուային նոր արուեստաբանական» զարգացումներուն որոնք յեղաշրջեցին մեր դարաշրջանը ու մեր վարուելակերպը, ինչպէս նաեւ մեր ապրելակերպը, ներառեալ հանգիստն ու արձակուրդները,  ու նաեւ զբօսաշրջութիւնը։

«Արդարեւ «թուային» ճամբորդներու 50 առ հարիւրը ներշնչում կը գտնէ  ցանցի վրայ գտնուող պատկերներէն ու այնտեղ տեղադրուած առցանց մեկնաբանութիւններէն։ Ասոր համար հարկաւոր է  խորհրդածել այս նիւթին շուրջ»  կը գրէ Կարդինալ Թուրքսըն  շեշտելով թէ «թուային յեղաշրջումը ձգտելու է ներառումի խթանումին» ու մատնանշելով նաեւ  զբօսաշրջութեան կայուն զարգացումին։

«Եկեղեցին միշտ ուշադրութիւն դարձուցած է զբօսաշրջութեան հովուական խնամակալութեան,  զայն համարելով հանգստեան պատշաճ առիթ, որուն ընթացքին կ՛ամրապնդուին ընտանեկան ու միջ մարդկային կապերը» դիտել կու տայ Կարդինալ Թուրքսըն զբօսաշրջութիւնը համարելով  «արժէքներու ու իտէալներու արդիւնաւէտ միջոց», երբ ան կը ծառայէ ու կը սատարէ մարդ էակի զարգացումին։

«Թուային գործիքներու օգտագործումը մեծ առիթ մըն է զարգացնելու համար զբօսաշրջութեան ասպարէզին մատուցած  ծառայութիւնը, զայն համակերպելով նոր պահանջներուն» կը գրէ ապա Մարդկային համապարփակ զարգացումի բաժանմունքի կառավարիչը, քննադատելով  սակայն թուային գործիքներու չարաչար օգտագործումը։ 

Զբօսաշրջութեան ասպարէզի գործիչները յաճախ իրենց  արխիւներուն մէջ կը պահեն  անհատին հայող  հիմնական տեղեկութիւններ, որոնք ապա կարելի է օգտագործել ոչ պատշաճ կերպով, ոտնակոխ ընելով մարդկային արժանապատուութիւնը։

Երբ արուեստաբանական գործիքները «ներկայ են ամենուրէք,  անոնք չեն նպաստեր իմաստութեամբ ապրելու կարողութեան, խոր մտածելակերպի ու վեհանձն սիրոյ զարգացումին» կը գրէ հուսկ կարդինալ Թուրքսոն ընդգծելով նաեւ հարկաւորութիւնը  թուային գործիքներու օգտագործումը մատչելի դարձնելու բոլորին,  յարգելով սակայն ամէն մէկ անհատի ազատ ընտրութիւնը։  

Պատգամի աւարտին Կարդինալ Թուրքսոն կը խօսի  երիտասարդներու մասին, մէջբերելով անոնց նուիրուած յառաջիկայ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին  աշխատանքային թղթածրարի թիւ 3 գլուխին մէջ պարունակուած յանձնառութիւնը որ անհրաժեշտ կը համարէ  երիտասարդներուն յատկացնել կազմաւորումի ընթացք ու մարդաբանական կրթութիւն, որպէսզի անոնք իրենց թւային կեանքը ապրին առանց  «on-line» վարուելակերպը զատելու «off-line» վարուելակերպէն եւ թոյլ չտալու  խաբուիլ թուային աշխարհէն որ յաճախ կը խաթարէ  իրականութիւնը։

Ինչպէս կը յիշեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապ «բաւարար չէ քալել թուային ճանապարհներու վրայ, այսինքն միշտ կապի մէջ ըլլալ, հարկաւոր է  որ այդ կապին ընկերանայ նաեւ իսկական հանդիպումը։ Կարող չենք միայնակ ապրիլ, փակուած մենք մեր մէջ։ Կարիքը ունինք սիրելու ու նաեւ սիրուելու»։ Կարդինալ Թուրքսըն պատգամը աւարտեց մաղթելով որ «զբօսաշրջութիւնը սատարէ փառաբանելու Աստուած ու միշտ աւելիով խթանէ մարդկային արժանապատուութիւնը, փոխադարձ ճանաչողութիւնը, հոգեկան ու մարմնական կազդուրումը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2018, 12:00