Որոնել

Արարչագործութեան խնամքի համաշխարհային օրուան առիթով համամիութենական աղօթք Արարչագործութեան խնամքի համաշխարհային օրուան առիթով համամիութենական աղօթք  

Արարչագործութեան խնամքի համաշխարհային օրուան առիթով համամիութենական աղօթք

Ասիզիի սրբավայրէն ներս տեղի կ՝ունենայ համամիութենական աղօթք արարչագործութեան խնամքի օրուան առիթով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Արարչագործութեան խնամքի ծիրէն ներս կազմակերպուած համաշխարհին աղօթքի օրուան առիթով, օգոստոս 31-էն, սեպտեմբեր 1, Իտալիոյ Ասիզի Սրբավայրին մէջ տեղի կ՝ունենայ միասնական համամիութենական աղօթք՝ կազմակերպուած կլիմայի ի սպաս համաշխարհային կաթողիկէ շարժումի եւ տարբեր քրիստոնեայ եկեղեցիներէն կազմուած «արարչագործութեան ժամանակ» գործադիր կոմիտէի կողմէ:

Համամիութենական աղօթքի ձեռնարկը կ՝իրականացուի Ասիզի-Նոչերերա -Ումպրա թեմի եւ Ասիզի Սրբավայրի համագործակցութեամբ:

Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին սրբավայրէն ներս տեղի ունեցող համամիութենական աղօթքը սկիզբ կ՝առնէ ուրբաթ 31-ին, եւ վերջ պիտի գտնէ սեպտեմբեր 1-ին,- համամիութենական միասնական յայտարարութեամբ, հռչակուելիք վերոյիշեալ եկեղեցւոյ աւագ խորանէն:

Արարչագործութեան խնամքի համաշխարհային աղօթքի օր ծրագրի զուգահեռ, կազմակերպուած է «Ասիզացի Ֆրանչիսկոսի շաւիղ» բնաբանով ուխտագնացութիւն, ի տես աշխարհի հզօր 24 երկիրներու կենսոլորտի մասին գումարուելիք վեհաժողովին:

Յիշեալ ուխտագնացութիւն սկիզբ պիտի առնէ Ասիզզի սրբավայրէն եւ վերջ պիտի գնտէ Լեհաստանին մէջ:

Յայտնենք թէ Եւրոպայի եկեղեցիներու համահաւաք դասը ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի խորհուրդը, միասնական տեսերիզով մը հանդէս եկած են յայտարարութեամբ մը որուն մէջ հաւատացեալներէն կը խնդրեն որ աղօթեն արարչագործութեան համար:

Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Անճելօ Պանիասքօ տեսերիզին մէջ կատարած յայտարարութեան մէջ շեշտած է համապարփակ բնապահպանութեան կարեւորութիւնը, որ կը ներառէ մարդկային բնապահպանութիւն, այսինքն մարդու եւ իւրաքանչիւր անձին արժանապատուութեան հանդէպ յարգանքը ՝ սաղմէն մինչեւ բնական մահ:

Յիշեալ բնապահպանութեան պատասխանատուութենէն անդին իւրաքանչիւր անհատ պատասխանատուութիւնը ունի նաեւ իւրաքանչիւր անհատի եւ ժողովուրդներուն հանդէպ, ըսած է ծիրանաւորը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2018, 12:02