Աքուիլա  թեմի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Ճուզեփփէ Փեթրոքքի Աքուիլա թեմի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Ճուզեփփէ Փեթրոքքի 

Ներումը՝ «սիրել» բային գործնականացումն է

«ներումի մշակոյթը կը պարունակէ ընկերային փոխակերպումի հզօր արժէք մը, նպաստելով աւելի մարդկային եւ արդար հասարակութեան մը յառաջացումին։»

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Աքուիլայի Քոլլեմաճճօ քաղաքին մէջ փակուեցաւ Սուրբ Դուռը, կղեստինեան ներումի ծիսակատարութեամբ ։ «Կղեստինեան ներում»ը առընչուած է Կղեստինոս Ե. Քահանայապետի (1209-1296, Քահանայապետ՝ 1294-1296։ Սրբադասուած 1313ին Կղեմէս Ե. Պապի կողմէ) հետ։ Անոր աճիւնները զետեղուած են Քոլլեմաճճոյի տաճարին մէջ։ Կարդինալ Ճուզեփփե Փեթրոքքի, Արքեպիսկոպոս Աքուիլայի, յիշեալ ներումի արարողութեան առիթով, իր քարոզին մէջ ըսած է, թէ «Կղեստինոս Ե. Սրբազան Պապը վկայ եւ հեղինակ է արտակարգ գործերու. ան մեզի կʼուսուցանէ իւրաքանչիւր օր միշտ աւելի ապրիլ Աւետարանը, որպէսզի կարող ըլլանք կերտել Աստուծոյ Քաղաքը, մարդոց սրտերուն մէջ եւ մարդոց քաղաքները՝ Տիրոջ սրտին մէջ։ Ժողովուրդ մը, նորոգուած ներումի շնորհումով, նաեւ ժողովուրդ մըն է որ յանձնառու կʼըլլայ կերտել աւելի արդար եւ զօրակցական ընկերութիւն մը։» Աքուիլայի 2009 թուականի երկրաշարժէն յետոյ, յիշեալ արարողութիւնը առաջինն է որ կը կատարուի Սանթա Մարիա տի Քոլլեմաճճոյի տաճարի նորոգութենէն ետք։
Ծիրանաւորը յիշեցուց Կղեստինոս Ե. Քահանայապետի կերպարը, որ հաւատարիմ վկան էր Սուրբ Պօղոս Առաքեալի յորդորին՝ «հաշտուեցէք Աստուծոյ հետ։ Ան որ չէր ճանչնար մեղքը, Աստուած զայն մեղաւոր համարեց՝ մեզի համար, որպէսզի անոր մէջ մենք Աստուծոյ արդարները ըլլանք» (Բ. Կոր Ե. 21)։ Կարդինալ Փեթրոքքի աւելցուցած է, թէ «Անոր ձայնին արձագանգը կը հզօրանայ ներումի իրականացումին մէջ, ուր Աքուիլայի ամբողջ Եկեղեցին զօրաշարժի լծուեցաւ՝ օգնելու մեզի որպէսզի աւելի արագ ընթանանք դէպի բարձունք. մեզի առիթ տուաւ ազատ ըլլալու չարէն, եւ մեզ յարատեւ յորդորներով մղեց ամրապնդել մեր հաւատարմութիւնը Տիրոջ հանդէպ։»
Քրիստոնէական իմաստով, ներելը «առաջին արտայայտութիւնը եւ գործնականացումն է ʼսիրելʼ բային։ Այս մերում մըն է, որ չի կրնար երբեք ընդունուիլ իբր պարտքերու ջնջում եւ թոյլտուութիւն կրկին սխալելու, որովհետեւ ողորմածութեան կողքին միշտ Տիրոջ պահանջք-հրաւէրն է՝ գնա, եւ այլ եւս մի մեղանչեր։ Ներումը մտքի մէկ կեցուածքն է, դարման մըն է՝ որ կը բուժէ հոգեկան, հոգեբանական եւ հասարակային շատ մը հիւանդութիւններ, որոնք կը թունաւորեն մեր գոյութիւնը։ Ներելը՝ բարի համակեցութեան քերականութեան առաջին կանոնն է. ան շնորհք մըն է՝ որ պէտք է խնդրենք, եւ բոց մըն է՝ որ վառ պէտք է պահենք։»
Կարդինալ Փեթրոքքի յորդորած է՝ «պէտք է ուշադիր ըլլանք որ չհամաձայնինք ʼՀերովդէսի քաղցկեղին հետʼ, ուր կʼիշխեն նախանձ եւ ատելութիւն, այնպէս որ պարտական զգանք մենք զմեզ պաշտպանել ա´յն ʼՀերովդէսինʼ դէմ որ կը կրենք մեր մէջ։ Շատ անգամ մենք ալ, ինչպէս ան, կը գիտակցինք ճշմարտութեան հմայքին, ապա սակայն հետեւողական չենք եւ տրամադիր չենք վճարելու հետեւողականութեան գինը։ Այս իմաստով կոչուած ենք ներշնչուելու Յովհաննէս Մկրտիչի քաջութենէն եւ ամուր կեցուածքէն, որուն պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Աստուած երբեմն յաղթանակը կը տանի կորուստի ճամբով։ Ան որ այս աշխարհի մէջ յաղթանակ տարած է, պարտուած է փրկութեան մակարդակի վրայ, եւ այն որ կը թուի յոռեգոյնը ապրած ըլլալ մարդկային մակարդակի վրայ, շահած է լաւագոյնը՝ Աստուծոյ արքայութիւնը։»
Ներումը կը պահանջէ «յիշողութեան մաքրում», որ չի բովանդակեր յիշատակներու ջնջում, այլ կը մղէ վերայցելել մեր ներքին «դիւանները»՝ իմաստութեան ազատարար լոյսով եւ սիրոյ մաքրիչ զօրութեամբ։
Կարդինալ Փթրոքքի յիշած է Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքը՝ «ներումի մշակոյթը կը պարունակէ ընկերային փոխակերպումի հզօր արժէք մը, նպաստելով աւելի մարդկային եւ արդար հասարակութեան մը յառաջացումին։»
Աստուծոյ ողորմածութիւնը կը նորոգէ աշխարհը, նոյնիսկ եթէ «ներումի ճամբաները նեղ են եւ շատ անգամ խոչընդոտուած հակառակորդ ուժերով, ինչպէս անհատական եւ հաւաքական եսասիրութեամբ, որոնք զօրաշարժի կʼելլեն՝ մեզի արգելք հանդիսանալու, որպէս զի չյառաջանանք Աւետարանի գծած ուղիէն։»
Ծիրանաւորը եզրափակելով քարոզը, ըսած է՝ «Աստուծոյ վրայ մեր վստահութիւնը թեւեր կը շնորհէ սրտին, որպէս զի ան կարենայ թռչիլ բարձր՝ դէպի սրբութեան երկինքը։ Ան որ բարի է, կը գործէ այն ինչ որ կրնայ. իսկ ան որ կը սիրէ՝ կը գործէ անկարելին։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2018, 10:27