Տապլինի Տիրամօր տաճարը Տապլինի Տիրամօր տաճարը 

Ֆրանչիսկոս Պապին Իրլանտայի առաքելական ճամբորդութեան առթիւ այցելած վայրերը

Ֆրանչիսկոս Պապ Իրալնտա այցելութեան ծիրէն ներս կ՝այցելէ Տապլին մայրաքաղաք, ապա Քնոք քաղաք՝ ուր կը գտնուի Տիրամօր նուիրուած հռչակաւոր տաճարը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Օգոստոս 25-էն – 26, Ֆրանչիսկոս Պապ հովուական այցելութիւն կը կատարէ Իրլանտա, ընտանիքներու համաշխարհային իններորդ հանդիպումին առիթով:
Իրլանտայի մէջ աւետարանացումի առաքելութիւնը սկիզբ առած է՝ ձեռամբ Սուրբ Փաթրիկի, որ մահացած է 492-ին, եւ հանդիսացած է Իրանտայի առաքեալն ու պաշտպան Սուրբը:
Ֆրանչիսկոս Պապ Իրալնտա այցելութեան ծիրէն ներս կ՝այցելէ Տապլին մայրաքաղաք, ապա Քնոք քաղաք՝ ուր կը գտնուի Տիրամօր նուիրուած հռչակաւոր տաճարը:

Տապլինի դղեակը

Ֆրանչիսկոս Պապ Տապլինի դղեակին մէջ կր հանդիպի ՝ երկրի քաղաքական իշխանութիւններուն. Տապլինի դղեակը նկատուած է մայրաքաղաքի ամրոցը՝ կանգնած քաղաքին սիրտին ՝ Լիֆֆէյ գետին եզերքը: Ան աւելի քան 700 տարի խորհրդանիշը եղած է Իրանտայի մէջ անգլիացիներուն տիրապետութեան: 1864-ին դղեակին մէջ բռնկուած հռթեհին հանդերձ , ամրոցին չորս աշտարակներէն կանգուն մնացած է «Ռեքորտ» աշտարակը որ ունի 5 մեթր խորութեամբ պատեր:
1922-ին, Իրլանտա ազատ պետութիւն հռչակուելէ ետք, Տապլինի դղեակը անցած է Իրլանտայի կառավարութեան տրամադրութեան տակ: Անոր մէջ այժմ կը գումարուին պետական ժողովներ եւ կը նկատուի զբօսաշրջութեան կարեւոր վայրերէն մին, յատկապէս թագաւորական մատուռը ու Սուրբ Փաթրիկ անուան դահլիճը:

Տապլինի Սրբուհի Մարի տաճար:

Յիշեալ տաճարը համարուած է Իրլանտայի գլխաւոր եւ կարեւորագոյն եկեղեցիներէն մին է ու կը նկատուի Տապլինի մէջ կաթողիկէ ծնունդի խորհրդանշիշը: Ան կառուցուած է Տոմինիքեան միաբանութեան անդամ՝ գերապայծառ Ճոն Թոմաս արքեպիսկոպոսին կամքով։ Անոր օծումը կատարուած է 14 նոյեմբեր 1825ին:
Քափուչին կրօնաւորներու տնանկներու կեդրոնը:
Քափուչին կրօնաւորներու հոգածութեան տակ գտնուող տնանկներու կեդրոնը հիմնուած է 48 տարիներ առաջ ձեռամբ Քափուչին վարդապետ հայր Քեւին Քրովի։
2017-ին, կեդրոնին մէջ ծառայութիւններ մատուցուած է աւելի քան 398,000 հազար բնակարանէ զուրկ անձերուն եւ ընտանիքներուն, որոնց թիւը աճ արձանագրած է Իրլանտայի մէջ տնտեսական տագնապի հետեւանքով:
Կեդրոնին մէջ կը ծառայեն 250-300 կամաւորներ: Անոնք տարբեր պաշտօններով ծառայութիւն կը մատուցանեն դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն ու աղքատներուն։ Կեդրոնը ամբողջութեամբ ֆինանսաւորուած է բարերարներուն կողմէ ինչպէս նաեւ զանազան բարեսիրական կազմակերպութիւններու կողմէ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2018, 09:58