Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 26 օգոստոսի թուիթը՝ «Չարաշահումի արարքները թող երբեք չի կրկնուին»։

Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Կոյս Մարիամէն հայցեց, որ բարեխօսէ շահագործումի թիրախ անձերու ամոքումին համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի օգոստոս 26-ին ֆրանչիսկոս Պապ, Իռլանտա կատարած առաքելական այցելութեան առթիւ Քնոքի սրբավայրին տուած այցելութեան աւարտին հրապարակեց թուիթ, մը որուն մէջ Սուրբ Կոյս Մարիամէն հայցեց, որ բարեխօսէ շահագործումի թիրախ անձերու ամոքումին համար։

«Մեր երանելի Մայրէն կը խնդրեմ, որ բարեխօսէ ամէն տեսակ շահագործումի ենթարկուած բոլոր անձերու ամոքումին համար եւ քրիստոնեայ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի հաստատումին՝ այն վճռական առաջադրանքին մէջ որ այլեւս երբեք չի թոյլատրեն որ այսպիսի իրավիճակներ տեղի ունենան» գրեց Սրբազան Քահանայապետը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2018, 13:30