Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 25 օգոստոսի թուիթները:

Թող սիրոյ յեղափոխութիւնը ընտանիքներէն ներս սկսի

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, օգոստոս 25-ին, Տապլին կատարած առաքելական ճամբորդութեան առթիւ, ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց երկու թուիթներ:
Առաջինին մէջ ընդգծեց սիրոյ յեղափոխութեան կարեւորութիւնը, ապա մաղթեց որ այդ յեղափոխութիւնը սկիզբ առնէ մեր ընտանիքներուն ընմէջէն:
«Մեր Աշխարհը պէտք ունին սիրոյ յեղափոխութեան: Թող այս յեղափոխութիւնը սկսի ձեր ընտանիքներէն:»

Երկրորդ թուիթին մէջ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ սէրը յաւերժ գոյատեւող թանկարժէք առաքինութիւն է խնդրելով, որ այս մէկը երբեք չմոռնանք:
«Իսկապէս չկա՞յ թանկարժէք բան մը, որ կրնայ գոյատեւել. ոչ իսկ սէ՞րը: Սէրը, Աստուծոյ եւ համայն մարդկային ընտանիքին երազն է: Հաճեցէբ երբեք չմոռնալ այս մէկը»:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2018, 18:30