Որոնել

Տապլինի մէջ անհամբեր կը սպասեն Սրբազան Պապին ժամանումին: Տապլինի մէջ անհամբեր կը սպասեն Սրբազան Պապին ժամանումին: 

Ֆրանչիսկոս Պապին օգոստոս 24-ի թուիթը. «Ընտանիքը Աստուծոյ Սրբանկրարն է»:

Տապլինի մէջ անհամբեր կը սպասեն ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին ժամանումին:

Տապլինի մէջ 21 օգոստոսին ընթացք առած ընտանիքներուն համաշխարհային հաւաքին առթիւ, աշխարհի չորս ծագերէն ընտանիքներ ժամանած են Իրլանտայի մայրաքաղաք, որոնք աղօթքով եւ երգերով, անհամբեր կը սպասեն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին ժամանումին։

Մինչ այդ 116 երկիրներէ ժամանած 37 հազար մասնակիցները, որոնց շարքին են 6 հազար երիտասարդներ, իրենց մասնակցութիւնը բերին վերոնշեալ հովուական գիտաժողովին, որուն ուղեցոյց հանդիսացան Ֆրանչիսկոս Պապին «Ամորիս Լեթիցիա – Սիրոյ Ուրախութիւն» յորդորագիրի ինը գլուխները, ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքին առթիւ կազմակերպուած հանդիպումներուն, բանախօսութիւններուն կլոր սեղաններուն ու վկայութիւններուն։

Սրբազան Քահանայաետը Իրալտայի առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, թուիթերեան իր կայքին միջոցաւ հրապարակած թուիթներով խրախուսեց հաւատացեալները, աղօթելու եւ խոկալու ընտանիքի սիրոյ կարեւրութեան վրայ՝ ըլլայ ընկերութեան կեանքէն ներս, ըլլայ ապագային համար եւ ըլլայ կենսոլորտի պահպանումի ծիրէն ներս:

Ուրբաթ օգոստոս 24ին, հրապարակած թուիթին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Սուրբ Պսակի խորհուրդի միջոցաւ ամրապնդուած մարդու եւ կնոջ միջեւ կնքուած ուխտին, ընդգծելով, որ այդ ուխտէն կը ծնի կեանքն ու հաղորդութիւնը:

«Ընտանիքը Աստուծոյ Սրբապատկերն է. այր մարդու եւ կնոջ միջեւ ուխտը հաղորդութիւն եւ կեանք կը ծնի»: Գրեց ֆրանչիսկոս Պապ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2018, 13:30