Ընտանիքներու համաշխարհային իններորդ հաւաք Ընտանիքներու համաշխարհային իններորդ հաւաք 

«Ընտանիքը կեանքի օրրան է» Ֆրանչիսկոս Պապին 23 օգոստոսի թուիթը։

«Ընտանիքը պատուհան մըն է՝ լայն բացուած Աստուծոյ խորհրդուին վրայ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ընտանիքը կեանքի օրրան է ու սիրոյ եւ հիւրընկալութեան դպրոց. Պատուհան մըն է՝ լայն բացուած Աստուծոյ խորհրդուին վրայ»։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի 23 օգոստոս 2018-ին հրապարակած թուիթին մէջ, մատնանշելով այս օրերուն Տուպլինի մէջ գումարուած Ընտանիքներու համաշխարհային իններորդ հաւաքին, որուն Սրբազան Պապը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 25 եւ 26 օգոստոսին նախատեսուած ձեռնարկներուն, որոնց առանցքը կը կազմեն շաբաթ երեկոյեան՝ Ընտանիքներու տօնախմբութիւնն ու աղօթքի հասկումը ապա Ընտանիքներու Համաշխարհային հաւաքին եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը զոր նախատեսուած է կիրակի 26 օգոստոսի յետմիջօրէին՝ Տուպլինի «Phoenix Park» անուամբ այգիին մէջ, որ Եւրոպայի ամէնէ մեծ այգիներէն մին նկատուած է, ուր կը գտնուի նաեւ աշխարհի ամենահին կենդանական պարտէզներէն մին, կառուցած 1830 թուականին։ Այնտեղ զետեղուած է նաեւ Քահանայապետական հսկայական խաչ մը՝ ի յիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին՝ 2 սեպտեմբեր 1979-ին, նոյն վայրին մէջ գլխաւորած պատմական սուրբ պատարագին, մէկ միլիոնէ աւելի հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Ընտանիքներու համաշխարհային օրուան բնաբանն է «Ընտանիքի Աւետարանը՝ աշխարհի համար ուրախութիւն» մինչ ճամբորդութեան խորհրդանիշը կը պատկերացնէ ընտանիք մը իր բոլոր անդամներով՝ տարեց, չափահաս ու փոքրիկ, որոնք կը քալեն միասին ու քով քովի, առանց բացառելու եւ ոչ մէկը, եւ լուսաւորուած Սուրբ Հոգիին լոյսով։ Ընտանիքին ետին պատկերացուած է աշխարհը որ ձեռնարկին իսկական չափանիշն է ուր կ՛ապրին ընտանիքները ունենալով   կենսական դեր մը ըլլայ աշխարհի մէջ ըլլայ հասարակաց տան խնամքի ծիրէն ներս։ Հուսկ պատկերացուած է խաչով  գմբէթ մը՝ որ խորհրդանիշն է եկեղեցւոյ որ է «ընտանիքներու ընտանիքը», մինչ գրութեան մէջ «Օ» տարը գրուած է «Չելթիք» բարբառով՝ որ կը խորհրդանշէ Սուրբ Երրորդութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2018, 13:30