Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 21 օգոստոսին, Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլինի մէջ ընթացք առաւ «ընտանիքներուն միջազգային 9-րդ հանդիդպումը», որ իր գագաթնակէտին պիտի հասնի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի յիշեալ հաւաքի մասնակցութեամբ՝ օգոստոս 25էն-26:
Ընտանիքներուն հաւաքի կապակցութեամբ, չորեքշաբթի, 22 օգոստոսին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակուեցաւ նոր թուիթ, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով ընտանիքին կարեւորութիւնը, յորդորեց խնամ տանիլ ընտանիքներուն, նկատել տալով որ ընտանիքներուն մէջն է որ կը կայանայ մեր ապագան:
«Խնամք տանինք ընտանիքին, այնտեղ է որ մենք կ՛որոշենք մեր ապագան:»Գրեց ֆրանչիսկոս Պապ