Ընտանիքներու Միջազգային իններորդ հանդիպումը Ընտանիքներու Միջազգային իններորդ հանդիպումը  

Ֆրանչիսկոս Պապին 21 օգոստոսի թուիթը «Աղօթենք աշխարհի ընտանիքներուն համար»։

Այսօր՝ 21 օգոստոսին Տուպլինի մէջ կը սկսի Ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպումը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր Տուպլինի մէջ կը սկսի Ընտանիքներու համաշխարհային հանդիպումը։ Միանանք աղօթքով՝ աշխարհի բոլոր ընտանիքներուն համար, յատկապէս անոնց որոնք դժուարութեան մէջ են» @WMOF2018 @LaityFamilyLife։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ 21 օգոստոս 2018-ի թուիթը, որուն մէջ Ան մատնանշեց Տուպլինի մէջ սկիզբ առնող «Ընտանիքի Աւետարանը՝ աշխարհի համար ուրախութիւն» բնաբանը կրոպ Ընտանիքներու համաշխարհային իններորդ հաւաքին,  որուն Նորին Սրբութիւնը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ շաբաթ 25 եւ կիրակի 26 օգոստոսին, Տուպլին կատարած միջազգային առաքելական ճամբորդութեան առթիւ, որուն ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ, բացի ընտանիքներուն հետ ունենալիք հանդիպումներուն, հանդիպում պիտի ունենայ Իռլանդայի քաղաքական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ, պիտի այցելէ տնանկ ընտանիքներու մէկ կեդրոնը ապա Քնոքի Սրբավայրը՝ որտեղէն պիտի արտասանէ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը հուսկ՝ Տուպլինի «Phoenix Park»ի տարածքին մատուցած եզրափակիչ պատարագէն ետք  պիտի հանդիպի երկրին եպիսկոպոսական համահաւաք դասին  հետ։

Սրբազան Քահանայապետը Հռոմէն կը մեկնի շաբաթ 25 օգոստոսի առաւօտեան 8.15-ին ապա վերադարձ կը կատարէ կիրակի 26 օգոստոսի երեկոյեան 11-ին։ 

Նշենք թէ Սրբազան Քահանայապետը 21 օգոստոս 2018-ին հրապարակեց այլ թուիթ մը որուն մէջ ընդգծեց թէ «Ընտանիքը յոյսի կայք է»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2018, 13:30