6 օգոստոսին կը յիշատակուի Պօղոս Զ Քահանայապետի մահուան 40-րդ տարեդարձը։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
6 օգոստոս 1978-ին՝ Յիսուսի այլակերպութեան տօնին օրը, Քասթել Կանտոլֆոյի Պապական ամարանոցին մէջ իր մահկանացուն կը կնքէր երջանկայիշատակ ու մօտ ապագային խորաններու պատուոյն արժանացող՝ աւազանի անունով Ճովաննի Պաթթիսթա Մոնթինի՝ Պօղոս Զ Քահանայապետը։
Ան ծնած էր Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքի՝ Քոնչեսի գիւղաքաղաքին մէջ՝ 26 սեպտեմբեր 1897-ին։ Կարճ ժամանակ ծառայած է իբր ժողովրդապետ, ապա Սուրբ Աթոռի մօտ վարած է զանազան պաշտօններ։ Աչքառու է, որ ան Պիոս ԺԲ. Քահանայապետի օրով, Պետական Քարտուղարի հանգամանքով, համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ժամանակ պատասխանատուութիւն ստանձնած էր հրեայ փախստականներ պահելու Վատիկանի մէջ։
21 յունիս 1963ին ընտրուած է քահանայապետ, յաջորդելով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ. Պապին ու շարունակելով այս վերջինիս սկսած Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովը։ Անոր քահանայապետութիւնը տեւած է 15 տարի։ Ան ճանչցուած է որպէս մեծ բարեկարգիչ ու եկեղեցական կեանքն ու կառոյցը բարենորոգող Քահանայապետ։ Աշխարհի մեծ յեղաշրջումի ժամանակամիջոցին, Պօղոս Զ Պապը Տիեզերական եկեղեցին ղեկավարած է մեծ ուշիմութեամբ։
19 հոկտեմբեր 2014-ին Ֆրանչիսկոս Պապ զայն կը դասէ երանելիներու շարքին։ Իսկ յառաջիկայ 14 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած հանդիսաւոր արարողութեամբ ի շարս այլ սրբադասումներու, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պօղոս Զ Քահանայապետը պիտի հռչակէ Տիեզերական եկեղեցւոյ Սուրբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ