Երանելի Պօղոս Զ Պապ Երանելի Պօղոս Զ Պապ 

Քահանայապետի մը Լատին Ամերիկա կատարած առաջին ճամբորդութեան 50րդ տարեդարձը։

«Քոլոմպիայի եկեղեցին կանչուած է պարտաճանաչութեամբ յանձնառու ըլլալ «-աշակերտներու» կազմաւորումի գործընթացին մէջ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր 22 օգոստոս 2018-ին կը յիշատակուի երջանկայիշատակ երանելի Պօղոս Զ քահանայապետին դէպի Քոլոմպիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան 50 ամեակը, որ հանդիսացաւ Քահանայապետի մը Լատին Ամերիկա կատարած միջազգային առաջին ճամբորդութիւնը։ 

Պօղոս Զ Պապը արդարեւ 22-25 օգոստոս 1968-ին այցելեց Մետելլին քաղաքը բացումը կատարելով կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ժողովին։

Սոյն տարեդարձին առիթով Մետելլինի մէջ՝ 23-26 օգոստոս 2018-ին, տեղի կ՛ունենայ Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընդհանուր Բ ժողովի 50 ամեակին յիշատակին նուիրուած համագումարը, ունենալով որպէս բնաբան «Մարգարէութիւն, հաղորդութիւն եւ մասնակցութիւն»։

Համագումարը կազմակերպուած է Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի, Լատին Ամերիկայի կրօնաւորներու համադաշնութեան, Լատին ամերիկայի Քարիթասի քարտուղարութեան եւ Մետելլինի Աւագ Թեմի միասնական ջանքերով։

Վերոնշեալ համագումարին մասին արտայայտուելով Մետելլինի Արքեպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Ռիքարտօ Անթոնիօ Թոպոն Ռեսթրեփօ՝ նշեց թէ 50 տարիներ առաջ Մետելլինի մէջ գումարուած եպիսկոպոսական հաւաքը՝ Լատին Ամերիկայի եկեղեցւոյ համար  եղաւ դարաշրջանային իրադարձութիւն մը  որ առիթ ընծայեց լուսաւորելու Լատին Ամերիկայի Եկեղեցին ու հարստացնելու եկեղեցական փորձառութիւնը։

Մետելլինի առաջնորդը ակնարկեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ տարի Մետելլին կատարած այցելութեան ու մատնանշեց այդ առթիւ Անոր արտասանած խօսքերուն «Քոլոմպիայի եկեղեցին կանչուած է աւելի մեծ գորովով եւ պարտաճանաչութեամբ յանձնառու ըլլալ «առաքեալներու-աշակերտներու» կազմաւորումի գործընթացին մէջ։ Աշակերտներ որոնք կարող ըլլան դիտել, դատել եւ գործել, այս հողամասին մէջ ծնունդ առած թղթածրարին հիման վրայ»։ Այս՝ ըսաւ գերապայծառ  Թոպոն, նոր աւետարանութեան ծրագիրն է, որով պէտք է նորոգենք մեր յանձնառումը ի նպաստ մարդ անհատի ու ժողովուրդներու զարգացումին, խթանելով ճշմարտութեան, արդարութեան, խաղաղութեան եւ զօրակցութեան արժէքները, յատկապէս ուշադիր ըլլալով  աղքատներուն եւ կարիքաւորներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2018, 12:15